Միջազգային

«Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը  Թուրք Ժողովուրդին Որոշելիքն Է, Աթէնք Չի Կրնար Մեզի Հրամաններ Տալ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը Թուրք Ժողովուրդին Որոշելիքն Է, Աթէնք Չի Կրնար Մեզի Հրամաններ Տալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, թէ Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու հարցը պէտք է թուրք ժողովուրդը որոշէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Ատիկա գերիշխանութեան հարց է: Աթէնք չի կրնար մեզի հրամաններ տալ, մենք ալ չենք ըսեր բան մը, որուն պատասխանը չունինք», յայտարարած է Չաւուշօղլու: Ան նշած է, թէ...

«Չինաստանի Հետ Առեւտրական Համաձայնութիւնը  Ի Զօրու Է, Եւ Կը Յուսանք, Որ Յանձնառու Մնայ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Չինաստանի Հետ Առեւտրական Համաձայնութիւնը Ի Զօրու Է, Եւ Կը Յուսանք, Որ Յանձնառու Մնայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Չինաստանի հետ առեւտրական համաձայնութիւնը «տակաւին ի զօրու է»` այդպիսով հերքելով առեւտրական հարցերով իր խորհրդատուին` Փիթըր Նաւարոյի այն յայտարարութիւնը, թէ նշեալ համաձայնութիւնը «վերջ գտաւ»: Նաւարօ աւելի ուշ ետդարձ կատարած էր այդ յայտարարութենէն: Թրամփ, «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում կատարելով, յայտնեց. «Կը յուսանք, որ Չինաստան կը շարունակէ յանձնառու մնալ համաձայնութեան պայմաններուն»: Նաւարօ Թրամփի վերոնշեալ թուիթըրեան գրառումէն ետք...

Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսայի Օգտին Լրտեսութիւն  Կատարելու Կասկածով Չորս Անձ Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ Մէջ Ֆրանսայի Օգտին Լրտեսութիւն Կատարելու Կասկածով Չորս Անձ Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ իշխանութինները Ֆրանսայի օգտին լրտեսութիւն կատարելու կասկածով չորս անձ ձերբակալած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: Օրաթերթի տուեալներով` կասկածելիները «տեղեկութիւններ հաւաքած են պահպանողական կազմակերպութիւններու, կրօնական խումբերու, կրօնական հարցերով թրքական վարչութեան եւ ատոնց աշխատակիցներու ներքին աշխատանքին վերաբերեալ»: Ձերբակալուածները օգտագործած են ինքնութիւնը հաստատող կեղծ փաստաթուղթեր եւ իրենք զիրենք ներկայացուցած իբրեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան գործակալներ: Անոնք վստահեցուցած են, որ տեղեկութիւններ կը...

«Թուրքիան Եւ Եգիպտոսը Լիպիոյ Տագնապի Լուծման Համար Ռուսիոյ Գործելաոճին Համաձայն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Թուրքիան Եւ Եգիպտոսը Լիպիոյ Տագնապի Լուծման Համար Ռուսիոյ Գործելաոճին Համաձայն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, իր եգիպտացի եւ թուրք պաշտօնակիցներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալէ ետք, երէկ կոչ ուղղեց` Լիպիոյ մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու: «Թուրքիան եւ Եգիպտոսը տագնապի լուծման Ռուսիոյ գործելաոճին համաձայն են», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Արտաքին կողմերը պէտք է Լիպիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ համապարփակ երկխօսութեան նպաստող պայմաններ ստեղծեն: Բան մը, որուն համաձայն են նաեւ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը»:

Արաբական Լիկան Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Բոլոր Տեսակի Օտար Զինուորական Միջամտութիւնները

Արաբական Լիկան Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Բոլոր Տեսակի Օտար Զինուորական Միջամտութիւնները

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Ողջունեցին Գահիրէի Յայտարարութիւնը Արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ իրենց գումարած արտակարգ ժողովի ընթացքին Եթովպիոյ կոչ ուղղեցին համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ «Նահտա» ամբարտակի աւազանը ջուրով չլեցնելու` ընդգծելով, որ «եգիպտական ու սուտանեան ջրային անվտանգութիւնը արաբական ազգային անվտանգութեան անքակտելի մասն է»: Նախարարները իրենց տեսաժողովի ընթացքին մերժեցին որեւէ արարք, որ կ՛ոտնահարէ Նեղոսի ջուրերուն մէջ բոլոր կողմերուն իրաւունքները: Արաբ արտաքին գործոց նախարարները...

«Մենք Ռուսիոյ Հետ Սերտ Դաշինքի Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

«Մենք Ռուսիոյ Հետ Սերտ Դաշինքի Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հետեւած է Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին վերաբերեալ խօսքերուն` նշելով, որ անոնք «ստախօսներու երգչախումբ մըն են»: «Պատժամիջոցները սուրիացի քաղաքացիին օրապահիկը հարուածելու արշաւ են, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան 2011 թուականի իրավիճակով վերադարձին առջեւ դուռը բանալ են», աւելցուց...

Մաքրոն. «Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Վտանգաւոր Խաղը Եւրոպայի Համար Ուղղակի Սպառնալիք Է»

Մաքրոն. «Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Վտանգաւոր Խաղը Եւրոպայի Համար Ուղղակի Սպառնալիք Է»

Անգարա. «Ֆրանսա Լիպիոյ Մէջ Վտանգաւոր Խաղ Կը Խաղայ» Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Միջերկրական ծովուն մէջ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրուած զինուորական վերջին միջադէպը, որուն շուրջ ՕԹԱՆ հետաքննութիւն կը կատարէ, «Դաշինքին մահաքունի մէջ ըլլալուն ամէնէն ակներեւ փաստերէն մէկն է»: «Ձեզի կը յղեմ անցեալ տարուան վերջաւորութեան ՕԹԱՆ-ի մահաքունի մէջ ըլլալուն մասին յայտարարութիւնս», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ...

Թրամփ Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու

Թրամփ Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Լիպիոյ տագնապին զարգացումները: Երկու ղեկավարները շեշտեցին «Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու կարեւորութիւնը»: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Թրամփ եւ Մաքրոն քննարկած են երկկողմանի ու շրջանային կարեւորագոյն հարցերը եւ համաձայնած Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման ու միջլիպիական բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու հրատապ կարեւորութեան շուրջ: Ֆրանսայի եւ...

Ճեֆրի. «Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր, Որ Ասատ Իշխանութենէն Հեռանայ, Այլ` Իր Վարմունքը Փոխէ»

Ճեֆրի. «Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր, Որ Ասատ Իշխանութենէն Հեռանայ, Այլ` Իր Վարմունքը Փոխէ»

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, թէ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իշխանութենէն հեռացումը չի պահանջեր, այլ կ՛ուզէ, որ անիկա փոխէ իր վարմունքը: «Մենք ամբողջական յաղթանակ չենք պահանջեր: Մենք չենք ըսեր, թէ Ասատ պէտք է հեռանայ: Կ՛ըսենք, որ Ասատ պէտք է փոխուի, եւ այդ կառավարութեան պատասխանատուն պէտք է իր վերաբերումը փոխէ», նշեց ամերիկացի պատուիրակը: «Մենք նաեւ...

Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու

Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու

Իրան Կը Զօրակցի Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան. Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` «Լիպիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ բանակցութիւնները շարունակելու»: Խորհուրդը յայտնեց, թէ դէմ է Լիպիոյ մէջ որեւէ խումբի կողմէ մագլցումի` շեշտելով, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է կառուցել (5+5) բանակցութիւններուն, Գահիրէի նախաձեռնութեան եւ Պերլինի հոլովոյթին հիմամբ: Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Լիպիոյ Հարցով Արտակարգ Ժողովը Այսօրուան Յետաձգուեցաւ

Արաբական լիկան յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ զարգացումներուն եւ Նեղոս գետին վրայ Եթովպիոյ կառուցած «Նահտա» ամբարտակի հարցերու քննարկման համար, Եգիպտոսի պահանջով հրաւիրուած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողովը յետաձգուած է այսօրուան: Լիկան նշեց, որ յետաձգման պատճառը բացառապէս թեքնիք է, որովհետեւ անիկա պիտի գումարուի առցանց: Արաբական լիկան կիրակի կէսօրին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած էր, թէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու տեսաժողովը պիտի գումարուի...

Սալեհ Եգիպտոսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Միջամտելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմին Ու  Լիպիոյ Օժանդակելու Օտարերկրեայ Ներխուժման Դէմ

Սալեհ Եգիպտոսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Միջամտելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմին Ու Լիպիոյ Օժանդակելու Օտարերկրեայ Ներխուժման Դէմ

Լիպիոյ արեւելքը գտնուող խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհ ողջունեց ու իր զօրակցութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի արտասանած խօսքին եւ անոր կոչ ուղղեց` միջամտելու եւ ահաբեկչութեան ու օտար ուժերու ներխուժման դիմակայման մէջ օժանդակելու լիպիական զինեալ ուժերուն: Սալեհ նաեւ միջազգային ընտանիքին ու Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան կոչ ուղղեց` աշխուժացնելու Պերլինի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան աշխատանքը եւ ականջ տալու Գահիրէի յայտարարութեան մէջ հնչող...

Իրան Սէուտական Արաբիոյ Եւ Պահրէյնին Կոչ Ուղղած Է` Չխաղալու Կրակին Հետ

Իրան Սէուտական Արաբիոյ Եւ Պահրէյնին Կոչ Ուղղած Է` Չխաղալու Կրակին Հետ

Սէուտական Արաբիան ու Պահրէյնը Թեհրանէն ստացած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերեալ նախազգուշացումներ: «Էյ.Էմ.Էն.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերով յատուկ օգնական Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը: Ըստ անոր, Մանաման եւ Ռիատը «կրակին հետ կը խաղան»` բանակցելով Թել Աւիւի հետ: Ըստ իրանցի քաղաքական գործիչին, «սիոնական վարչակարգին» հետ համագործակցութիւնը բացասաբար պիտի անդրադառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան վրայ: «Սէուտական...

Իրան Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Զինուորներու Տեղաշարժին

Իրան Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Զինուորներու Տեղաշարժին

Իրանի որոշումներու ընդունման քաղաքական նպատակայարմարութիւնը ճշգրտող խորհուրդի քարտուղար, Յեղափոխութեան պահակագունդի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզայի մատնանշած է, որ Թեհրան մեծ յառաջընթաց արձանագրած է տիեզերական ոլորտին մէջ, ինչ որ կ՛արտօնէ «մանրամասնօրէն հետեւիլ» Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի զինուորներու տեղաշարժին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը` յղում կատարելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան: «Մեր յառաջընթացը օրինակելի է: Մեր զինուորական արբանեակը մանրակրկիտ լուսանկարներ...

Թրամփ Մատուրոյի Հետ Հանդիպումի Կարելիութիւն Կը Նկատէ

Թրամփ Մատուրոյի Հետ Հանդիպումի Կարելիութիւն Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական նկատած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ հանդիպումը: Այս մասին ան յայտարարած է «Աքսիոս» կայքի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է իր եւ Մատուրոյի միջեւ հանդիպումի մը կայացումը` Թրամփ ըսած է. «Թերեւս այդ մասին մտածէի: Մատուրոն պիտի ուզէր հանդիպիլ: Եւ ես երբեք դէմ չեմ հանդիպումներուն, դուք գիտէք, ես հազուադէպօրէն դէմ...

Նիւ Եորքի Մէջ Կը Կազմաքանդուի Թէոտոր Ռուզվելթի Արձանը

Նիւ Եորքի Մէջ Կը Կազմաքանդուի Թէոտոր Ռուզվելթի Արձանը

Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի յուշարձանը, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի Բնութեան պատմութեան ամերիկեան թանգարանի մուտքին դիմաց, կը կազմաքանդուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` նշելով, որ թանգարանի համապատասխան առաջարկը հաստատուած է քաղաքապետարանին կողմէ: Թանգարանի նախագահ Ալըն Ֆաթեր այս առնչութեամբ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին մեր թանգարանային համայնքը խորապէս ազդուած է Ճորճ...

«Խորհրդային Միութեան Պետութիւնները Հսկայական Տարածքով Ռուսական Հողեր Ստացած Են», Կ՛ըսէ Փութին

«Խորհրդային Միութեան Պետութիւնները Հսկայական Տարածքով Ռուսական Հողեր Ստացած Են», Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ յայտարարած է, թէ Խորհրդային Միութեան ստեղծման ժամանակ անոր կազմին մէջ մտած հանրապետութիւնները «ստացած են հսկայական տարածութեամբ ռուսական հողեր» եւ «աւանդական ռուսական պատմական տարածքներ»: Նախագահին կարծիքով` Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու ընթացքին այդ հանրապետութիւններէն իւրաքանչիւրը «պէտք է դուրս գար այնպէս, ինչպէս եղած էր», ոչ թէ «իրեն հետ տանէր...

«Քորոնա» Ժահրով Վարակման Պարագաներուն Թիւը Մրցանշային Աճ Կ՛արձանագրէ

«Քորոնա» Ժահրով Վարակման Պարագաներուն Թիւը Մրցանշային Աճ Կ՛արձանագրէ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը կիրակի օր մրցանշային աճ արձանագրած է: Այդ թիւը 24 ժամուան ընթացքին բարձրացած է 183.020-ով: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ, ըստ առօրեայ զեկուցումին, «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներու մեծագոյն աճը արձանագրուած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ, ուր նոր պարագաներուն թիւը հասած է 116 հազարի: Կազմակերպութիւնը նշեց, որ աշխարհի...

«Լիպիոյ Մէջ Եգիպտական Ուղղակի  Որեւէ Միջամտութեան Միջազգային  Օրինականութիւնը Ապահովուած Է»  Կ՛ըսէ Եգիպտոս

«Լիպիոյ Մէջ Եգիպտական Ուղղակի Որեւէ Միջամտութեան Միջազգային Օրինականութիւնը Ապահովուած Է» Կ՛ըսէ Եգիպտոս

Այսօր Լիպիոյ Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շաբաթ օր յայտարարեց, որ պէտք է բոլոր օտար ուժերը հեռացուին Լիպիայէն եւ երկրին մէջ գործող միլիսները լուծարուին: «Եգիպտոսի կողմէ Լիպիոյ մէջ որեւէ միջամտութեան միջազգային օրինականութիւնը այլեւս ապահովուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով.«Եգիպտոս նախանձնախնդիր է լիպիական տագնապի խաղաղ ու համապարփակ լուծման»: Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին արտաքին...

«Թուրքիան Բարի Դրացնութեան  Քաղաքականութիւնը  Փոխարինեց Ծաւալապաշտութեան  Ծրագիրով»  Կ՛ըսէ Քըրքաշ

«Թուրքիան Բարի Դրացնութեան Քաղաքականութիւնը Փոխարինեց Ծաւալապաշտութեան Ծրագիրով» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիան արաբական աշխարհը կը նկատէ պատմական երազներու իրագործման ռազմավարական տարածք մը` շեշտելով, որ Թուրքիան բարի դրացնութեան քաղաքականութիւնը փոխարինեց ծաւալապաշտութեան ծրագիրով: Էմիրաթական դիւանագիտութեան պետը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Տարիներու ընթացքին ամրապնդուեցան Թուրքիոյ եւ անոր արաբական շրջապատին միջեւ բարի դրացնութեան, յարգանքի, «զերօ խնդիրներու», տնտեսական ու քաղաքական կապերը: Դժբախտաբար զանոնք փոխարինեց ծաւալապաշտութեան...

Page 450 of 884 1 … 449 450 451 … 884

Արխիւներ