Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ներկայացուցիչը Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի 75-րդ Ընդհանուր Ժողովի Նախագահ

June 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրք դիւանագէտ Վոլքան Պոզքըր ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի 75-րդ ընդհանուր ժողովի նախագահ: Այս մասին կը հաղորդէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ վեթերան դիւանագէտ եւ խորհրդարանական Պոզքիր, որ այդ պաշտօնին միակ թեկնածուն էր, իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ սեպտեմբերին:

Նշենք, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ թուրք մը կը ստանձնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօն:

Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ Հնդկաստան, Մեքսիքա, Նորվեկիա եւ Իրլանտա ընտրուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2021-2022 թուականներու ոչ մնայուն անդամներ: Անոնք իրենց աթոռները պիտի ստանձնեն յունուարին:

Այսօր ընտրութեան երկրորդ փուլին պիտի ընտրուի յաւելեալ պետութիւն մը, որովհետեւ մինչ Ափրիկէի եւ Ասիա-Խաղաղական շրջանին յատկացուած էին երկու աթոռներ միայն,  Հնդկաստան ընտրուած է: Ճիպութին ու Քենիան անցած են ընտրութեան երկրորդ փուլ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան, Յունաստան եւ Կիպրոս, ապա նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բողոքարկած էին թուրք գործիչի թեկնածութեան դէմ:

Պոզքըր 2015 թուականին վիրաւորանքներով յարձակում գործած էր Ֆրանչիսկոս պապին վրայ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար:

Պոզքըր նախապէս կը վարէր Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի եւ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարարի պաշտօնը, ստացած է 178 երկիրներու ներկայացուցիչներու աջակցութիւնը, 11 երկիրներու ներկայացուցիչներ ձեռնպահ մնացած են, իսկ երեք քուէ ալ անվաւեր ճանչցուած է:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները Կրնան Թիրախ Դարձնել Էմիրաթական Կողմեր», Կ՛ըսէ Ճեֆրի

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Լիպիա Իր Այցելութիւնը Կը Նկատէ «Արդիւնաւէտ Եւ Շատ Օգտակար»

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.