Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսայի Ծովուժին Դէմ Թուրքիոյ Յարձակողականութիւնը Կը Սպառնայ ՕԹԱՆ-ի Միասնականութեան» Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Յունիս 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի միասնականութեան պահպանման համար անհրաժեշտ պայմանը դաշնակիցներու լիարժէք համապատասխանութիւնն է միջազգային օրէնքին, բարի դրացիութեան սկզբունքը եւ ՕԹԱՆ-ի հիմնադիր համաձայնագիրէն բխող պարտաւորութիւնները: «Կրիքսիթիթայմզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաս Փանայոթոփուլոս` ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու տեսաժողովի ընթացքին:

Փանայոթոփուլոս քննադատած է «Միջերկրական ծովուն մէջ դաշնակից նաւու կողմէ ուժի կիրարկման սպառնալիքը ընդդէմ մէկ այլ դաշնակից նաւու»:

Ան նշած է, որ այդպիսի պահուածքը կը խաթարէ ՕԹԱՆ-ի համախմբուածութիւնն ու համերաշխութիւնը` զայն դարձնելով ոչ թէ ամուր կապերով եւ ընդհանուր արժէքներով դաշինք, այլ` անհատական շահերով պատեհապաշտական խումբ:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, թէ միակ լուծումը ՄԱԿ-ի հովանիին տակ քաղաքական խորհրդակցութիւններն ու բանակցութիւններն են պատերազմող կողմերուն միջեւ` Պերլինի հոլովոյթով սահմանուած բանաձեւերու հիման վրայ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ակնես ֆոն տեր Մալ չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ գործողութիւնները «թշնամական եւ յարձակողական են»` աւելցնելով, որ Անգարան է պատճառը, որ կարելի չէ եղած Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պահպանել:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Միջերկրական ծովուն մէջ խիստ լարուած իրավիճակ ստեղծուած էր: ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան ծիրին մէջ ծովուն մէջ գտնուող ֆրանսական նաւու անձնակազմը փորձած էր ստուգել` արդեօք թրքական նաւը զէնք կը տեղափոխէ՞ Լիպիա, բան մը, որ արգիլուած է տագնապի լուծման ծիրին մէջ Պերլինի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիմամբ, ատոր ի պատասխան թրքական մարտանաւերը հրթիռներ ուղղեցին ֆրանսական նաւու ուղղութեամբ` հասնելով զինուորական բախումի շեմին:

Նախորդը

Թրամփ Մտավախութիւն Ունի, Որ Կրնայ 2020-ի Նախագահական Ընտրութեան Պարտուիլ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Չինաստանին Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ Տուած Է «Յարձակողական Վարք»-ը Մեղմացնելու

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?