Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստան Կը Սպառնայ Հակադարձել Ույղուրներու Հարցով Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Յունիս 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստան Միացեալ Նահանգներուն խիստ բողոք յայտնած է Սինցզիան-Ույղուրեան ինքնավար շրջանի մասին օրէնքին որդեգրման դէմ: Վերջինս կը նախատեսէ  պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատել ույղուրները ճնշելու համար:

«Միացեալ Նահանգներ որդեգրած են այսպէս կոչուած «2020 թուականի ուղուրներու իրաւունքներու վերաբերեալ քաղաքականութեան մասին» օրէնքը, որ միտումնաւոր կերպով կը վարկաբեկէ Սինցզիան-Ույղուրեան ինքնավար շրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ տիրող իրավիճակը, յարձակումներ կը գործէ Սինցզիանի մէջ Չինաստանի կառավարութեան քաղաքականութեան վրայ», նշուած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Մենք կ՛ուզենք զգուշացնել Միացեալ Նահանգները, թէ Սինցզիանի գործերը բացառապէս Չինաստանի ներքին գործն են, եւ ոչ մէկ օտարերկրեայ միջամտութիւն պիտի հանդուրժուի», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ. «Հակառակ պարագային Չինաստան անպայման վճռական հակազդեցութիւններ պիտի որդեգրէ, եւ ատկէ բխող բոլոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ ամերիկեան կողմը»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ այլ յայտարարութեան մը մէջ նշեց. «Փեքին եւ Ուաշինկթըն համաձայնած են իրարու հետ երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնը շարունակել»:

«Միացեալ Նահանգներուն յայտնեցինք, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը միակ ճիշդ ուղին է», յայտնեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հանդիպում ունեցած էր իր չին պաշտօնակից Եանկ Ժի Չիի հետ եւ անոր հետ քննարկած երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջական թափանցիկութեան, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի եւ ապագայ համաճարակի տարածման կանխարգիլման ծիրին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակման կարեւորութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Փոմփէօ նաեւ քննարկած է առեւտրական, անվտանգութեան եւ դիւանագիտութեան ոլորտներուն մէջ բարեկամական փոխադարձ քայլերու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

«Նպատակին Մեր Ի Կէտ»

Յաջորդը

«Ռոյթըրզ»-Ի Համաձայն` Լաւրով-Չաւուշօղլու Հանդիպումին Ջնջման Պատճառը Լիպիոյ Հարցով Տարակարծութիւնն Է. Չաւուշօղլու Կը Հերքէ

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?