Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաֆթար Բանակցութիւններուն Մասնակից Պէտք Չէ Ըլլայ, Եւ Անոր Հետ Պէտք Չէ Խօսիլ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յունիս 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Պերլինի եւ Մոսկուայի քննարկումներուն ընթացքին Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու ընթացքին թափուած ջանքերը ձախողութեան մատնուեցան Լիպիոյ ազգային բանակի ղեկավար Խալիֆա Հաֆթարի կեցուածքին պատճառով»:

«Հաֆթար որեւէ լիազօրութիւն չունի եւ արդէն որեւէ օրինականութիւն չունի», շեշտեց ան:

«Հաֆթարի նման յեղաշրջական անձ մը, որ փոխանակ զինադադար հաստատելու, կ՛ուզէ երկրին ու իշխանութեան տիրել, պէտք չէ բանակցութիւններուն մասնակից ըլլայ, եւ պէտք չէ անոր հետ խօսիլ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Յառաջիկայ փուլին կարելի է լիպիական կառավարութեան հետ ապահովական գործակցութեան ծիրը ընդլայնել», նշեց ան` աւելցնելով. «Թուրքիան պիտի շարունակէ ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրել Լիպիոյ մէջ օրինական կառավարութեան»:

«Անցեալին զինուորական գործակցութեան համաձայնութիւն ունէինք, եւ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ գոյութիւն ունէր: Անոնցմէ մէկը արդիականացուցինք եւ դարձեալ ստորագրեցինք: Նոյն օրը ստորագրեցինք ծովային շրջաններու իրաւասութիւններու ճշդման մասին համաձայնութիւնը», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց, թէ իր երկիրը Իտալիոյ հետ պիտի աշխատի Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Չինաստանին Երկու Շաբթուան Պայմանաժամ Տուած Է «Յարձակողական Վարք»-ը Մեղմացնելու

Յաջորդը

«Թուրքիան Չի Հասկնար, Թէ Լիպիոյ Մէջ Անմիջական Զինադադարի Հաստատման Դէմ Եղող Միակ Երկիրն Է» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?