Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Լիպիա Իր Այցելութիւնը Կը Նկատէ «Արդիւնաւէտ Եւ Շատ Օգտակար»

June 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Լիպիա իր այցելութեան ընթացքին քննարկած է Լիպիոյ մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական լուծման հասնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, զորս Թուրքիան պիտի որդեգրէ միջազգային ընտանիքին հետ:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին կ՛ընկերակցէին ելեւմուտքի նախարար Պուրաթ Պայրաքը եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանը:

Չաւուշօղլու Թրիփոլիի մէջ իր հանդիպումները նկատեց «արդիւնաւէտ եւ շատ օգտակար»` նշելով, որ այցելութեան նպատակը «Լիպիոյ նկատմամբ ուժեղ աջակցութեան հաստատումն է»:

Ան նաեւ քննարկեց ուժանիւթի ոլորտի մէջ գործակցութեան, քաղաքական յարաբերութիւններու, Միջերկրական ծովու շրջանին մէջ գործակցութեան եւ որդեգրուելիք քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Լիպիոյ բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Խալետ Մաշրի իր կարգին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ լիպիական թղթածրարին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները հիմնուած են այն հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, որոնք Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կողմէ ճանչցուած են:

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնեց, թէ իր երկիրը կը շեշտէ կարեւորութիւնը` լիպիական հողերու միութեան եւ լիպիացի ժողովուրդին առանց օտար ուժերու միջամտութեան իր ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը յարգելու:

Ան ըսաւ, թէ լիպիական հակամարտութիւնը զինուորական լուծում մը չունի, եւ Լիպիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման միակ ուղին շրջանային ու միջազգային բոլոր ազդեցիկ դերակատարներուն «հակամարտութեան բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ միջլիպիական երկխօսութեան» աջակցութիւնն է:

Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Լիպիոյ մէջ լուծումը պէտք է քաղաքական ըլլայ, եւ ոչ թէ զինուորական»` աւելցնելով. «Անգարան թէ՛ քաղաքական լուծումին, եւ թէ ալ օրինական կառավարութեան կը զօրակցի»:

Հակառակ Քալընի պնդումներուն, թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, թէ Թուրքիա մտադիր է Լիպիոյ մէջ երկու մնայուն ռազմակայաններ կառուցել:

Միւս կողմէ, Ափրիկէի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը յայտարարեց. «Ժաֆրա ռազմակայանէն ռուսական պատերազմական օդանաւի եւ Սերթի մօտ մէկ այլ ռուսական պատերազմական օդանաւի թռիչքի վերաբերեալ լուսանկարուած փաստեր ունինք»:

Աւելի ուշ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Էրտողան յանձնարարած է Միացեալ Նահանգներուն հետ գործակցաբար աշխատելու Լիպիոյ մէջ:

Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Անգարա չէ ընդունած, որ Թուպրուքի մէջ լիպիական խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհը Լիպիոյ քաղաքական բանակցութիւններուն մէջ փոխարինէ Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարը:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Ներկայացուցիչը Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի 75-րդ Ընդհանուր Ժողովի Նախագահ

Յաջորդը

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Իրանեան Ռմբակոծումը Եւ Թեհրանին Կոչ Կ՛Ուղղէ` Յարգելու Իրաքի Գերիշխանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.