Իրան Կը Զօրակցի Լիպիոյ Ազգային
Համաձայնութեան Կառավարութեան.
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` «Լիպիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ բանակցութիւնները շարունակելու»:
Խորհուրդը յայտնեց, թէ դէմ է Լիպիոյ մէջ որեւէ խումբի կողմէ մագլցումի` շեշտելով, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է կառուցել (5+5) բանակցութիւններուն, Գահիրէի նախաձեռնութեան եւ Պերլինի հոլովոյթին հիմամբ:
Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանան Լիպիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու մագլցումին»:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովին հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեց Լիպիոյ կացութեան եւ Եթովպիոյ` Նեղոս գետին վրայ կառուցած «Նահտա» ամբարտակին առնչուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութեան նիւթ եղող շրջանային հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Լիպիոյ համաձայնական կառավարութիւնը մերժեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի զգուշացումը, թէ եգիպտական բանակը կրնայ միջամտել Լիպիոյ մէջ` նշելով. «Այդպիսի արարք մը թշնամական եւ ուղղակի միջամտութիւն մըն է, եւ համազօր` պատերազմի հռչակման»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական հարցերով խորհրդական Եհիա Սաֆաւի յայտնեց, որ այն տեղեկութիւնները, թէ Իրան Լիպիոյ մէջ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակին կը զօրակցի, «զաւեշտալի են»:
«Իրան Լիպիոյ ազգային համաձայնական կառավարութեան կը զօրակցի, եւ երկրին մէջ քաղաքական լուծման կոչ կ՛ուղղէ», յայտարարեց Սաֆաւի:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի եգիպտացի իր պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտարարեց. «Յորդանան Եգիպտոսի կողքին կը կանգնի` ընդդէմ որեւէ սպառնալիքի»: