Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ Կը Կազմաքանդուի Թէոտոր Ռուզվելթի Արձանը

June 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի յուշարձանը, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի Բնութեան պատմութեան ամերիկեան թանգարանի մուտքին դիմաց, կը կազմաքանդուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` նշելով, որ թանգարանի համապատասխան առաջարկը հաստատուած է քաղաքապետարանին կողմէ:

Թանգարանի նախագահ Ալըն Ֆաթեր այս առնչութեամբ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին մեր թանգարանային համայնքը խորապէս ազդուած է Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք աճող ցեղային արդարութեան համար բռնկած շարժումէն: Մենք կը նկատենք, որ աշխարհի վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի ու աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի արձաններուն` իբրեւ համակարգային ցեղապաշտութեան հզօր եւ վնասակար խորհրդանիշեր»:

Միեւնոյն ժամանակ թանգարանի ներկայացուցիչները ընդգծած են, թէ կազմաքանդումը առնչուած չէ Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահին անձի, այլ` բուն յուշարձանի կազմութեան հետ: Յուշարձանի կեդրոնը` ձիու վրայ նստած է Ռուզվելթ, որուն երկու կողմերը հնդիկ մը եւ ափրիկեցի մը կը քալեն: Իբրեւ Ռուզվելթի նկատմամբ յարգանքի շարժոյթ` կը նախատեսեն թանգարանին կենսաբազմազանութեան նուիրուած սրահը կոչել անոր անունով:

Նիւ Եորքի իշխանութիւնները համաձայն գտնուած են թանգարանի առաջարկին. «Քաղաքը կ՛աջակցի թանգարանի խնդրանքին: Ասիկա ճիշդ որոշում է, եւ ճիշդ ժամանակն է հեռացնելու այս խնդրայարոյց արձանը», կը մէջբերէ օրաթերթը` Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլազիոյի յայտարարութենէն, որուն մէջ ան նաեւ նշած է, թէ յուշարձանը «սեւամորթ ու բնիկ ժողովուրդը, այսինքն` Հիւսիսային Ամերիկայի ժողովուրդը կը պատկերէ իբրեւ ստրկացուած ու ցեղային գետնի վրայ ոչ լիարժէք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս հարցին առնչութեամբ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով ըսաւ. «Ասիկա իրապէս անհեթեթ վարմունք է: Կանգ առէ՛ք, ատիկա մի՛ ընէք»:

 

Նախորդը

«Խորհրդային Միութեան Պետութիւնները Հսկայական Տարածքով Ռուսական Հողեր Ստացած Են», Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Թրամփ Մատուրոյի Հետ Հանդիպումի Կարելիութիւն Կը Նկատէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.