Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Զինուորներու Տեղաշարժին

June 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի որոշումներու ընդունման քաղաքական նպատակայարմարութիւնը ճշգրտող խորհուրդի քարտուղար, Յեղափոխութեան պահակագունդի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզայի մատնանշած է, որ Թեհրան մեծ յառաջընթաց արձանագրած է տիեզերական ոլորտին մէջ, ինչ որ կ՛արտօնէ «մանրամասնօրէն հետեւիլ» Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի զինուորներու տեղաշարժին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը` յղում կատարելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան:

«Մեր յառաջընթացը օրինակելի է: Մեր զինուորական արբանեակը մանրակրկիտ լուսանկարներ կ՛ուղարկէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի զինուորական ներկայութեան վերաբերեալ, իսկ մեր բարձր ճշգրտութեան հրթիռները խուճապ յառաջացուցած են ամերիկացիներու շրջանին մէջ», նշած է Ռեզայի:

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարի յայտարարութիւնը կատարուած է Իրանի կողմէ` իր առաջին «Նուր-1» զինուորական արբանեակը յաջողութեամբ տիեզերք ուղարկելէ ետք:

Հակառակ այն իրողութեան որ «Նուր-1»-ի եւ ատոր առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ քիչ տեղեկութիւններ կան, բայց եւ այնպէս ատոր դասակարգումը` իբրեւ պաշտպանական ոլորտի մէջ յատուկ օգտագործման բազմաբնոյթ արբանեակ, կը վկայէ, որ «Յեղափոխութեան պահակագունդը ճարտարագիտական այնպիսի հասունութիւն ձեռք բերած է, որ առանձին կրնայ ծրագրել եւ իրականացնել հետախուզութիւն, տիեզերական զինուորական եւ հետախուզական առաքելութիւններ` տուեալներ հաւաքելու նպատակով, որոնք կ՛օգնեն Իրանի երկինքը անվտանգ պահելու»:

Նշենք, որ Իրան իր առաջին զինուորական արբանեակը բարեյաջող կերպով տիեզերք արձակած էր 22 ապրիլին: Արբանեակը տիեզերք արձակուած է Յեղափոխութեան պահակագունդին կողմէ:

 

Նախորդը

Թրամփ Մատուրոյի Հետ Հանդիպումի Կարելիութիւն Կը Նկատէ

Յաջորդը

Իրան Սէուտական Արաբիոյ Եւ Պահրէյնին Կոչ Ուղղած Է` Չխաղալու Կրակին Հետ

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.