Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու

June 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Լիպիոյ տագնապին զարգացումները: Երկու ղեկավարները շեշտեցին «Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու կարեւորութիւնը»:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Թրամփ եւ Մաքրոն քննարկած են երկկողմանի ու շրջանային կարեւորագոյն հարցերը եւ համաձայնած Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման ու միջլիպիական բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու հրատապ կարեւորութեան շուրջ:

Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները ընդգծած են, որ զինուորական մագլցումը պէտք է բոլորին կողմէ անմիջապէս դադրեցուի, որպէսզի լիպիական տագնապը աւելի վտանգաւոր եւ անլուծելի դիմակայման չվերածուի:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կոչ ուղղած էր` «Լիպիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ բանակցութիւնները շարունակելու»:

Խորհուրդը յայտնած էր, որ դէմ է Լիպիոյ մէջ որեւէ խումբի կողմէ մագլցումին` շեշտելով, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է կառուցել (5+5) բանակցութիւններուն, Գահիրէի նախաձեռնութեան եւ Պերլինի հոլովոյթին հիմամբ:

Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կարգին յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանան Լիպիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու մագլցումին»:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Մաքրոն. «Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Վտանգաւոր Խաղը Եւրոպայի Համար Ուղղակի Սպառնալիք Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.