«Եգիպտոս Իրաւունք Ունի Ինքզինք Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Ափրիկեան Միութիւնը
Ափրիկեան միութեան խաղաղութեան ու անվտանգութեան յանձնակատար Իսմայիլ Շարքի երէկ յայտարարեց, որ Եգիպտոս իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը: Ան նշեց, թէ Եգիպտոս կը ջանայ իր սահմանները պաշտպանել, եւ Լիպիոյ մէջ որեւէ միջամտութիւն պէտք է բանակցութիւններու կայացման ձգտի: Ափրիկեան միութեան խաղաղութեան ու անվտանգութեան յանձնակատարը յայտնեց, որ Եգիպտոսի` լիպիական ցեղախումբերը մարզելու պատրաստակամութիւնը անոր անվտանգութիւնն ու սահմանները պաշտպանելու վճռականութեան ցուցանիշ է:...




















