Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Մատուրոյի Հետ Հանդիպումի Կարելիութիւն Կը Նկատէ

June 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական նկատած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ հանդիպումը: Այս մասին ան յայտարարած է «Աքսիոս» կայքի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է իր եւ Մատուրոյի միջեւ հանդիպումի մը կայացումը` Թրամփ ըսած է. «Թերեւս այդ մասին մտածէի: Մատուրոն պիտի ուզէր հանդիպիլ: Եւ ես երբեք դէմ չեմ հանդիպումներուն, դուք գիտէք, ես հազուադէպօրէն դէմ կ՛ըլլամ հանդիպումներու»:

Սպիտակ տան ղեկավարին կարծիքով` «շատ քիչ բան կարելի է կորսնցնել դէմ առ դէմ հանդիպումներու ժամանակ», սակայն ներկայ պահուս ան մերժած է Մատուրոյի հետ բանակցութիւնները:

Թրամփ նաեւ ընդգծած է, որ հիացած չէ եղած վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյին աջակցելու իր վարչակազմի որոշումով:

«Ես կրնայի ապրիլ նաեւ առանց ատոր, սակայն վճռականօրէն դէմ էի Վենեզուելայի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն», նշած է ան:

Յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին մեկնաբանութիւնները կը հնչեն ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի գիրքէն հատուածներու հրապարակումէն ետք: Նախկին պաշտօնատարը կը պնդէ, որ Թրամփ ի սկզբանէ չէ ուզած աջակցիլ Կուայտոյին եւ զայն կոչած է «երեխայի պէս թոյլ»:

Ըստ Պոլթընի, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը համարէ, որ լատին ամերիկեան պետութիւնը իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մաս է:

Յիշեցնենք, որ Մատուրօ յունուարի վերջաւորութեան յայտարարած էր, որ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ ուղիղ երկխօսութեան:

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Կը Կազմաքանդուի Թէոտոր Ռուզվելթի Արձանը

Յաջորդը

Իրան Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Զինուորներու Տեղաշարժին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.