Ֆրանսական Գաղութատիրութեան Դէմ Ալճերիական Դիմադրութեան Ղեկավարներուն Աճիւնները 170 Տարի Ետք Վերադարձան Ալճերիա
Ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ (1830-1962) ալճերիական դիմադրութեան 24 ղեկավարներու եւ անդամներու աճիւնները 170 տարի ետք երէկ վերադարձան Ալճերիա: Ալճերիացի շուրջ 40 զինեալներու գանկերը իբրեւ աւար տարուած էին Ֆրանսա եւ պահուած Փարիզի Բնութեան պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ: Ալճերիա վերադարձած աճիւններուն շարքին էր աճիւնը Շէյխ Պուզիանի, որ 1849 թուականին ձերբակալուած էր, ապա գնդակահարուած եւ գլխատուած: Ալճերիական դրօշով պատուած դագաղները զինուորական օդանաւով փոխադրուեցան Ալճերիոյ...



















