Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս Պրիւքսելի Խորհրդաժողովին Կեցուածքը Կը Նկատէ Սուրիոյ Ներքին Հարցերուն Բացայայտ Միջամտութիւն

Յուլիս 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պրիւքսելի մէջ Սուրիոյ հարցով գումարուած խորհրդաժողովն ու անկէ բխած որոշումները յստակ կը դարձնեն Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ անոնց հետեւորդ վարչակարգերուն Սուրիոյ նկատմամբ թշնամական քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

«Այս վարչակարգերը, որոնք ահաբեկչութեան ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրեցին, սուրիացիներուն արիւնը հեղեցին, անոնց խանութները քանդեցին, անոնց հարստութիւնները` քարիւղը, ցորենն ու գործարանները կողոպտեցին, վերաշինութեան աշխատանքը կ՛արգելակեն եւ իրերայաջորդ պատժամիջոցներ կը հաստատեն, չեն կրնար որեւէ ձեւով սուրիացիներուն նկատմամբ նախանձախնդրութիւն պնդել», նշեց նախարարութիւնը:

«Ան, որ սուրիացիներուն դէմ արգիլուած արարքներ ու ոճիրներ գործեց եւ անոնց տառապանքին գլխաւոր պատասխանատուն է, չի կրնար իր ոճիրները մարդասիրութեան կեղծ դիմակին ետին պահել եւ մարդասիրական կողմը բացայայտօրէն քաղաքականացնել` ի խնդիր իր օրակարգերուն», յայտնեց նախարարութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիա կը դատապարտէ այսպիսի խորհրդաժողովները, զորս կը նկատէ բացայայտ միջամտութիւն սուրիական ներքին հարցերուն, որոնք սուրիացիներուն ու անոնց օրինական կառավարութեան իրաւասութիւնն են, իսկ այն միակ օժանդակութիւնը, որ այդ վարչակարգերը կրնան սուրիացիներուն տրամադրել` ահաբեկչութեան աջակցութիւնը դադրեցնելն է:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Պրիւքսելի մէջ ՄԱԿ¬ի եւ Եւրոպական Միութեան նախագահութեամբ «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագայի աջակցութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովի աւարտին, Եւրոպական Միութեան մէջ տագնապներու կառավարման յանձնակատար Եանս Լինարչիչ յայտնեց, որ խորհրդաժողովը սուրիացի գաղթականներուն աջակցութեան համար խոստացած է տրամադրել 6,9 միլիառ եւրօ (շուրջ 7,7 միլիառ տոլար):

 

Նախորդը

Թրամփ Հաստատած Է Գերմանիայէն 9500 Ամերիկացի Զինուորներու Հեռացման Ծրագիրը

Յաջորդը

«Ֆրանսա Աչք Կը Փակէ Լիպիոյ Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Եգիպտոսի Ոտնձգութիւններուն Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Փարիզի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?