Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսա Աչք Կը Փակէ Լիպիոյ Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Եգիպտոսի Ոտնձգութիւններուն Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Փարիզի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

July 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսա Հեռացած Է Միջերկրականի Մէջ
ՕԹԱՆ-ի Առաքելութենէն

Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Հաքքը Մուսա երէկ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ լսումի նիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիոյ հարցին նկատմամբ Ֆրանսայի մօտեցումը «կողմնակալ» է եւ ան աչք կը փակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի` զօր. Խալիֆա Հաֆթարին տրամադրած աջակցութեամբ ՄԱԿ-ի զէնքերու մատակարարման արգելքի խախտումներուն նկատմամբ:

«Արգելքը ամէն օր կը խախտուի եգիպտական սահմանէն… եւ ամէն օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն դէպի Լիպիա թռիչքներ կան: Ինչո՞ւ այդ մասին հարցումներ չեն հարցուիր», հարց տուաւ Թուրքիոյ դեսպանը:

«Մեր կարծիքով` անոնք ընտրովի կը շարժին, ինչ որ կը զօրացնէ արեւելքի մէջ պարոն Հաֆթարի նկատմամբ աջակցութիւնը», աւելցուց ան:

Թուրքիոյ դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի ֆրանսական եւ թրքական մարտանաւերուն միջեւ միջադէպի մը հետաքննութեան մէջ Ֆրանսայի պնդումներուն չաջակցելուն պատճառով Փարիզ ՕԹԱՆ-ը տեղեակ պահած է, թէ կը դադրեցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ ՕԹԱՆ-եան հսկողութեան առաքելութեան իր մասնակցութիւնը:

«Կը թուի, թէ ՕԹԱՆ-ի փորձագէտները նոյն եզրակացութեան չեն հասած: Տեղեկութիւնը երէկ ստացայ: Կը թուի, թէ «Քուրպէ»-ն (ֆրանսական յածանաւ, «Ա.») կը հեռանայ ՕԹԱՆ-ի այս առաքելութենէն», ֆրանսացի ծերակուտականներուն ըսաւ ան:

Ֆրանսական «Լ՛Օփինիոն» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Ֆրանսա նամակ մը յղած է ՕԹԱՆ-ին` դաշինքին յայտնելով, թէ մինչեւ բացատրութիւններ ստանալը կը դադրեցնէ «Ծովու պահապան» գործողութեան իր մասնակցութիւնը:

Ֆրանսա յայտնած էր, թէ թրքական մարտանաւեր 10 յունիսին իրենց ռատարները երեք անգամ լարած են ֆրանսական «Քուրպէ» յածանաւին վրայ, եւ թուրք զինուորները փամփշտակալներ կրած են ու իրենց զէնքերը լարած:

Թուրքիոյ դեսպանը հերքեց ֆրանսական պնդումը եւ ծերակուտականներուն յայտնեց, թէ ֆրանսական մարտանաւն է, որ յարձակողական եղած է:

 

 

Նախորդը

Դամասկոս Պրիւքսելի Խորհրդաժողովին Կեցուածքը Կը Նկատէ Սուրիոյ Ներքին Հարցերուն Բացայայտ Միջամտութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Յուլիս 2020)

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.