Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նիւ Եորք Թայմզ» Նոր Բացայայտումներ Կը Կատարէ Ռուսիոյ Հետախուզութեան Եւ Թալեպաններու Ենթադրեալ Համագործակցութեան Մասին

July 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը դարձեալ նիւթ հրապարակած է Ռուսիոյ եւ Թալեպան շարժումի ենթադրեալ դաւադրութեան մասին` յղում կատարելով ամերիկացի եւ աֆղան պաշտօնատար անձերու: Օրաթերթը կը պնդէ, որ թրմեցուցիչներու մաքսանենգ Ռահմաթ Ազիզի երկու կողմերու գլխաւոր միջնորդը եղած է:

Օրաթերթին համաձայն, Ազիզին առնչուած եղած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքի շինարարական նախագիծին, իսկ ետքը աշխատելու համար մեկնած է Ռուսիա:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տուեալներով` ամերիկեան հետախուզութեան զեկուցումներուն մէջ, զորս աֆղան պաշտօնատար անձեր կը հաստատեն, կ՛ըսուի, որ Ազիզին տարիներ շարունակ ռուսական զինուորական հետախուզութենէն գումարներ փոխանցած է «Թալեպան» շարժումին հետ կապ ունեցող զինեալներուն: Կը հաղորդուի, որ շուրջ վեց ամիս առաջ աֆղանական հետախուզութիւնը խուզարկութիւններ կատարած է Քապուլի եւ Քունտուզի շարք մը գործարարներու գրասենեակներուն մէջ, որոնք, ինչպէս օրաթերթը կը գրէ, առնչուած եղած են «վարձատրութեան ծրագիրի» հետ:

«Գործողութեան նպատակը Ռահմաթն էր, որ Ռուսիա կը ճամբորդէր եւ կը պնդէր, որ այնտեղ կ՛աշխատի, սակայն ոչ ոք գիտեր, թէ ի՛նչով կը զբաղի», օրաթերթը կը մէջբերէ Քունտուզի նահանգային խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Սաֆիուլլա Ամիրիի խօսքը:

«Նիւ Եորք Թայմզ», նախապէս վկայակոչելով ամերիկեան հետախուզութեան անանուն ներկայացուցիչներ, հրապարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր, թէ Ռուսիոյ Գլխաւոր հետախուզական վարչութեան «29.155 ստորաբաժանումը» Արեւմտեան զօրքերու վրայ յարձակումներու նախաձեռնած է եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ու Միջազգային դաշինքի ուժերու անդամները սպաննելու համար վճարած իսլամական զինեալներուն:

Կը նշուի, թէ այս հարցը մարտին քննարկուած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ: Ըստ օրաթերթին, ի պատասխան Ռուսիոյ գործողութիւններուն, ամերիկացի քաղաքական գործիչները մշակած են պատասխան հարուածի քանի մը տարբերակ` դիւանագիտական ապտակէն մինչեւ պատժամիջոցներու սահմանում: Սակայն, իրազեկ աղբիւրներու տուեալներով, Սպիտակ տունը մինչեւ օրս ոչ մէկ որոշում տուած է:

Նիւթի հրապարակումէն ետք Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը հերքած էր ամբաստանութիւնները` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը ամբաստանութիւնները` կեղծ լուրերու ու ապատեղեկատուութեան տարածման համար եւ յայտարարած, որ այդ յօդուածը սպառնալիքի տակ դրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ ռուսական դեսպանատուներու աշխատանքը:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով թալեպաններու հետ Ռուսիոյ «դաւադրութեան» մասին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հրապարակումը, յայտարարած է, թէ այդ պնդումները սուտ են: Լրագրողներու այն հարցին, թէ արդեօք Թրամփը այս տարուան ընթացքին որեւէ ձեւով քննարկուած է այդ թեման Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ, Փեսքով բացասական պատասխան տուած է:

 

Նախորդը

Պիելոռուսիա Քիւրտ Գործիչը Կ՛արտայանձնէ Թուրքիոյ

Յաջորդը

Մոսկուայի Եւ Սենթ Փեթերսպուրկի Մէջ Ցոյցեր` Ընդդէմ Փութինի Նախագահական Նստաշրջանի Ժամկէտի «Զերոյացման»

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.