Միջազգային

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Թուրքիա  Մեր Երկիրին Մէջ Իր Ախորժակները Յագեցնէ»  Կ՛ըսէ Լիպիոյ Խորհրդարանը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Թուրքիա Մեր Երկիրին Մէջ Իր Ախորժակները Յագեցնէ» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Խորհրդարանը

Լիպիոյ խորհրդարանը շեշտեց, թէ լիպիացի ժողովուրդը պիտի չարտօնէ, որ Թուրքիա իր ախորժակներն ու նպատակները իրագործէ իրենց երկրին մէջ: Խորհրդարանի բանբեր Ֆաթհի Մարիամի յայտնեց, որ Թուրքիան` Լիպիոյ մէջ միջամտելով, կը ջանայ երեք հիմնական նպատակներ իրագործել, սակայն բանակն ու ժողովուրդը անոր դէմ պիտի կանգնին: Ան «Արապիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիոյ ազգային համաձայնական կառավարութեան հետ համաձայնութեան միջոցով Լիպիոյ մէջ կատարուած...

Իտալացի Աշխարհահռչակ Յօրինող  Էնիօ Մորիքոնէ Մահացաւ

Իտալացի Աշխարհահռչակ Յօրինող Էնիօ Մորիքոնէ Մահացաւ

Իտալիոյ մէջ 91 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հանրածանօթ յօրինող Էնիօ Մորիքոնէն: Այս մասին կը հաղորդէ իտալական «Ռայնիուզ 24» պատկերասփիւռի կայանը: Կը նշուի, որ օրեր առաջ ան կոտրած էր ազդրը, ատկէ յառաջացած բարդութիւններուն իբրեւ հետեւանք Մորիքոնէ մահացած է կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը` Հռոմի դարմանատուներէն մէկուն մէջ: Էնիօ Մորիքոնէ ծնած է Հռոմ, երաժիշտներու ընտանիքի մէջ: Իբրեւ ստեղծագործող, սկիզբը հանդէս եկած է գիշերային...

Քիւրտերը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Մէջ  Տեղի Ունեցած Պայթումին  Պատասխանատուութիւնը

Քիւրտերը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատասխանատուութիւնը

Ուրբաթ, 3 յուլիսին Թուրքիոյ Սաքարիա նահանգին մէջ հրավառութեան գործարանին մէջ տեղի ունեցած էր ուժեղ պայթում մը` ոչնչացնելով արտադրամասեր եւ դառնալով քանի մը զոհի եւ տասնեակներով վիրաւորներու մահուան պատճառ: Աւելի քան հարիւր թոն պայթուցիկ նիւթեր եւ պատրաստ արտադրանքներ պահուած էին ընկերութեան պահեստանոցներուն մէջ: Նախնական տուեալներով` պայթումը տեղի ունեցած է պայթուցիկ նիւթերու անվտանգութեան կանոնակարգերու եւ պահեստաւորման պայմաններու խախտման պատճառով: Համացանցի վրայ յայտնուած...

Չինաստանի Մէջ Հովիւ Մը Պուպոնիք  Ժանտախտէ Կը Տառապի

Չինաստանի Մէջ Հովիւ Մը Պուպոնիք Ժանտախտէ Կը Տառապի

Չինաստանի հիւսիսային հատուածի մէջ հովիւի մը մօտ պուպոնիք ժանտախտ ախտորոշուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով չինական «Սինցզինփաօ» օրաթերթին: Այս առնչութեամբ Պայան Նուր քաղաքի առողջապահութեան յանձնախումբը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Նախքան հիւանդանալը, ան գտնուած է պուպոնիք ժանտախտի համաճարակաբանական օճախի մէջ: Այժմ ան կը գտնուի մեկուսացման մէջ եւ կը ստանայ համապատասխան...

Ալճերիոյ Նախագահը Կը Մաղթէ, Որ Ֆրանսան  Իր Երկրին Գաղութատիրական Անցեալին Համար  Լիարժէք Ներում Հայցէ

Ալճերիոյ Նախագահը Կը Մաղթէ, Որ Ֆրանսան Իր Երկրին Գաղութատիրական Անցեալին Համար Լիարժէք Ներում Հայցէ

Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժին Թապուն նշեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կրնանք հանդարտեցման եւ յիշողութեան առնչուած խնդիրներուն մէջ հեռուն երթալ: Ան պարկեշտ մարդ մըն է ու «պատմականօրէն» մաքուր է եւ կը ջանայ կացութիւնը հանդարտեցնել»: «Մաքրոն կ՛ուզէ իր երկրին` Ֆրանսային ծառայել, սակայն նոյն ատեն մեր յարաբերութիւններուն առիթ տալ իրենց բնական մակարդակին վերադառնալու: Երկու անկախ պետութիւններու եւ երկու գերիշխան պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններ հաստատել»,...

Պաղտատ Անգարայէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս Դադրեցնել Իրաքեան Գերիշխանութեան Դէմ Իր Ոտնձգութիւնները

Պաղտատ Անգարայէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս Դադրեցնել Իրաքեան Գերիշխանութեան Դէմ Իր Ոտնձգութիւնները

Իրաքեան կառավարութիւնը շաբաթ օր թրքական կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց իրաքեան հողերուն վրայ թրքական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուող մարդկային ու նիւթական վնասներուն համար: Իրաքի կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը պահանջեց «անմիջապէս դադրեցնել զանոնք (ոտնձգութիւնները «Ա.»), որովհետեւ Իրաքի գերիշխանութեան, կայունութեան, հողերու ամբողջականութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն ու անոնց վրայ յարձակում են»: Իրաքեան կառավարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` որդեգրելու քայլեր, որոնք կ՛ամրապնդեն տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ...

Ռմբակոծում` Լիպիոյ Ռազմակայանին Վրայ. Սպաննուած Են Թուրք Բարձրաստիճան Զինուորականներ

Ռմբակոծում` Լիպիոյ Ռազմակայանին Վրայ. Սպաննուած Են Թուրք Բարձրաստիճան Զինուորականներ

Լիպիոյ ազգային բանակէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնեցին, թէ Լիպիոյ արեւմուտքը գտնուող Ուաթիա շրջանին մէջ տեղակայուած Օքպա պըն Նաֆէա օդուժի ռազմակայանը երէկ երեկոյեան ռմբակոծուած է շարք մը «անծանօթ օդանաւերու» կողմէ: «Ախպար Լիպիա» կայքը մանրամասնեց, որ ռազմակայանին վրայ արձանագրուած ինը օդային հարուածներուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած են վեց թուրք սպաներ եւ հրամանատար մը: Քանդուած են օդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնք 2 յուլիսին տեղակայուած էին Թուրքիոյ...

Եւրոպական Միութիւն. «Մտահոգ Ենք Թուրքիոյ Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումներով»

Եւրոպական Միութիւն. «Մտահոգ Ենք Թուրքիոյ Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումներով»

Եւրոպական Միութիւնը, խիստ ոճի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, իր մտահոգութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն նկատմամբ: Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ իրաւապաշտպաններու դատավարութիւնը կու գայ հաստատելու հիմնարար ազատութիւններու նահանջը` շեշտելով, որ հիմնարար իրաւունքներն ու օրէնքի յարգումը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն հիմնաքարն են: Յիշեցնենք, որ թրքական դատարանը բանտարկութեան դատապարտած էր Թուրքիոյ մէջ Միջազգային ներում կազմակերպութեան նախկին պաշտօնատարներ` զանոնք ամբաստանելով ահաբեկչութեան առչնուած...

Զունուրի. «Զարիֆ Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Սխալ Ուղիով Ընթացաւ Եւ Նկատի Չառաւ Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Դիտողութիւնները»

Զունուրի. «Զարիֆ Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Սխալ Ուղիով Ընթացաւ Եւ Նկատի Չառաւ Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Դիտողութիւնները»

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Մուժթապի Զունուրի խորհրդարանին մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆի լսումի նիստին ընթացքին յայտարարեց. «Արտաքին քաղաքականութեան մէջ Զարիֆի ընթացած ուղին սկիզբէն սխալ էր եւ ատիկա մեր ժողովուրդին ձգտած նպատակներէն ոչ մէկը իրագործեց»: Ան Զարիֆը ամբաստանեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամէնէիի դիտողութիւնները նկատի չառնելու մէջ: «Հոգեւոր առաջնորդը յայտնեց, որ...

Գերմանիան Վերջին 13 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Ստանձնեց Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնը

Գերմանիան Վերջին 13 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Ստանձնեց Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնը

Գերմանիան վերջին 13 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով վեց ամսուան ժամկէտով ստանձնեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը` «Քորոնա» ժահրին առնչուած սահմանափակումներուն պատճառով Եւրոպական Միութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը: Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի նախագահութիւնը աշխատանքային երկու ուղղութիւն կը ներառէ. այդ երկրի ներկայացուցիչները կը ղեկավարեն նախարարներու խորհուրդի եւ նախապատրաստական, օժանդակ մարմիններու նիստերը (բացի...

«Չունինք Փաստեր, Որոնք Կը Հաստատեն Աֆղանիստանի Մէջ Մեր Ուժերուն Դէմ Ռուսական Գործունէութեան Վերաբերող Պնդումները»   Կ՛ըսէ Էսփըր

«Չունինք Փաստեր, Որոնք Կը Հաստատեն Աֆղանիստանի Մէջ Մեր Ուժերուն Դէմ Ռուսական Գործունէութեան Վերաբերող Պնդումները» Կ՛ըսէ Էսփըր

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց. «Ներկայիս չունինք փաստեր, որոնք կը հաստատեն Աֆղանիստանի մէջ մեր ուժերուն դէմ ռուսական չարամիտ գործունէութեան վերաբերող պնդումները»: «Մենք մեր ուժերուն դէմ հաւանական բոլոր սպառնալիքները լուրջի կ՛առնենք», նշեց ան: Յիշեցնենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդած էր, թէ ամերիկեան հետախուզութիւնը վստահ է, որ Մոսկուա Թալեպան շարժումին մօտիկ զինեալներու դրամական պարգեւներ տուած է` Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի...

Թուրքիա Ֆրանսայէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

Թուրքիա Ֆրանսայէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ֆրանսայէն պահանջած է ներում հայցել` Թուրքիան Միջերկրական ծովուն մէջ ֆրանսական մարտանաւի դէմ սադրանք իրականացնելու մէջ մեղադրելուն համար: «Ասիկա անհիմն յայտարարութիւն է: Ֆրանսան պէտք է ներում հայցէ Թուրքիայէն», յայտարարած է թրքական դիւանագիտութեան պետը` գերմանացի գործընկերոջ` Հայքօ Մաասի հետ հանդիպումի ընթացքին: Չաւուշօղլու նոյն ատեն շեշտած է, որ Թուրքիան պատրաստ է աշխատելու բոլոր երկիրներուն հետ, ներառեալ` Ֆրանսան,...

«Ռուսիան Մօտէն Կը Հետեւի Լիպիոյ Հարցով Գահիրէի Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Մօտէն Կը Հետեւի Լիպիոյ Հարցով Գահիրէի Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարն Ու Սպայակոյտի Պետը Անակնկալ Կերպով Այցելեցին Լիպիա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Լիպիոյ խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Լիպիոյ մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական համապարփակ երկխօսութեան ձեռնարկման նախաձեռնութիւնը: «Ռուսիան կը հաստատէ Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծման անխուսափելիութիւնը եւ ոչ թէ` զինուորականը», նշեց ան` աւելցնելով, որ Ռուսիան...

«Ս. Սոֆիա Տաճարը Պէտք Է Բաց Ըլլայ Բոլորին Համար» Կ՛ըսէ Փարիզ

«Ս. Սոֆիա Տաճարը Պէտք Է Բաց Ըլլայ Բոլորին Համար» Կ՛ըսէ Փարիզ

Ռուսիա Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Ս. Սոֆիայի Կարգավիճակին Մէջ Հաւասարակշռուած Ըլլալու   Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը, որ 6-րդ դարուն կառուցուած է իբրեւ քրիստոնէական տաճար, պէտք է բաց ըլլայ բոլորին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Հանդուրժողականութեան եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ այս վայրը պէտք է բաց մնայ բոլորին համար», յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց...

ՄԱԿ Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Յետս Կոչել 11 Իրաւապաշտպաններու Դէմ Ահաբեկչութեան Ամբաստանութիւնը

ՄԱԿ Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Յետս Կոչել 11 Իրաւապաշտպաններու Դէմ Ահաբեկչութեան Ամբաստանութիւնը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու հարցով նոր յանձնակատար Մարի Լոլըր «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպան 11 անձերու դէմ ահաբեկչութեան ամբաստանութիւններուն նկատմամբ: Ան Անգարայէն պահանջեց յետս կոչել երեք տարիէ ի վեր բանտարկուած գործիչներուն դէմ ներկայացուած ահաբեկչութեան ամբաստանութիւնները, որոնք «Միջազգային ներում» կազմակերպութեան համաձայն անհիմն են: Ամբաստանեալներու շարքին են Թուրքիոյ մէջ «Միջազգային ներում»-ի երկու նախկին տնօրէններ, որոնք կրնան 15 տարուան բանտարկութեան...

Ֆրանսական Գաղութատիրութեան Դէմ Ալճերիական Դիմադրութեան Ղեկավարներուն Աճիւնները 170 Տարի Ետք Վերադարձան Ալճերիա

Ֆրանսական Գաղութատիրութեան Դէմ Ալճերիական Դիմադրութեան Ղեկավարներուն Աճիւնները 170 Տարի Ետք Վերադարձան Ալճերիա

Ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ (1830-1962) ալճերիական դիմադրութեան 24 ղեկավարներու եւ անդամներու աճիւնները 170 տարի ետք երէկ վերադարձան Ալճերիա: Ալճերիացի շուրջ 40 զինեալներու գանկերը իբրեւ աւար տարուած էին Ֆրանսա եւ պահուած Փարիզի Բնութեան պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ: Ալճերիա վերադարձած աճիւններուն շարքին էր աճիւնը Շէյխ Պուզիանի, որ 1849 թուականին ձերբակալուած էր, ապա գնդակահարուած եւ գլխատուած: Ալճերիական դրօշով պատուած դագաղները զինուորական օդանաւով փոխադրուեցան Ալճերիոյ...

«Մենք Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներու` Իսրայէլի Բռնակցումի Քաղաքականութեան Դէմ Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Քալըն

«Մենք Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներու` Իսրայէլի Բռնակցումի Քաղաքականութեան Դէմ Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն գրաւոր յայտարարութեամբ անդրադարձած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի հարցին մէջ իրադարձութիւններուն` յայտարարելով, որ Թուրքիան կ՛աջակցի «պաղեստինցիներու` ազգային համաձայնութեան ոգիով Իսրայէլի բռնակցումի քաղաքականութեան դէմ հանդէս գալու նախաձեռնութեան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք կ՛աջակցինք պաղեստինցիներու` ազգային համաձայնութեան ոգիով Իսրայէլի բռնակցումի քաղաքականութեան դէմ հանդէս գալու նախաձեռնութեան: Մենք անգամ մը եւս կ՛ընդգծենք, որ Իսրայէլի կողմէ միջազգային օրէնքը անտեսող...

Պատմական Քայլով Մը.  Պելճիքայի Թագաւորը Ներում Հայցեց Քոնկոյի Մէջ Իր Երկրին Գաղութատիրական Անցեալին Համար

Պատմական Քայլով Մը. Պելճիքայի Թագաւորը Ներում Հայցեց Քոնկոյի Մէջ Իր Երկրին Գաղութատիրական Անցեալին Համար

Պելճիքայի Ֆիլիփ թագաւորը նամակ յղած է Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան նախագահ Ֆելիքս Չիսեքետիին` Պելճիքայէն երկրի անկախութեան ձեռքբերման 60-ամեակին առիթով: Թագաւորը իր նամակին մէջ դատապարտած է Քոնկոյի մէջ Լէոփոլտ Բ. թագաւորի ժամանակաշրջանին գործուած բռնութիւններն ու դաժանութիւնները: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ նամակը հրապարակուած է Պելճիքայի թագաւորական ընտանիքին կայքին վրայ: «Ես կը փափաքէի իմ խորին ափսոսանքս արտայայտել անցեալի վէրքերուն համար, որոնց ցաւը այսօր առաջուան...

«Լիպիան Վերածուած Է Արաբական Աշխարհէն  Դուրս Եղող Երկու Ուժերու Մրցակցութեան Դաշտի»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

«Լիպիան Վերածուած Է Արաբական Աշխարհէն Դուրս Եղող Երկու Ուժերու Մրցակցութեան Դաշտի» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի նշեց. «Լիպիան վերածուած է արաբական աշխարհէն դուրս եղող երկու ուժերու միջեւ մրցակցութեան դաշտի, ինչ որ Եւրոպային համար վատ է»: «Հակառակ անոր որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի դաշնակից է, սակայն անոր նաւերը Լիպիոյ ծովափին մօտ գտնուող ֆրանսական նաւերուն նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերեցին», ըսաւ Փարլի: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, թէ իր երկիրը անհանգստացած է «Լիպիոյ մէջ ռուսական դերակատարութենէն»` նշելով.«Պէտք...

«Թուրքիոյ Դէմ Ապահովութեան Խորհուրդին  Բողոք Կրնանք Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

«Թուրքիոյ Դէմ Ապահովութեան Խորհուրդին Բողոք Կրնանք Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Սահաֆ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միակողմանի արարքները պիտի չամրապնդեն անվտանգութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի պիտի չյանգեցնեն: Իրաքի համար բաց են իր գերիշխանութեան ոտնահարման հակադարձելու ընտրանքները»: «Այդ քայլին սկսանք դատապարտման հաղորդագրութեամբ, բողոքագիրով, Թուրքիոյ դեսպանն ու Իրանի դեսպանը (արտաքին գործոց նախարարութիւն) կանչելով, եւ այս քայլերով չենք բաւարարուի, այլ կրնանք Արաբական լիկայի ճամբով արաբական կարծիքի զօրաշարժման...

Page 446 of 884 1 … 445 446 447 … 884

Արխիւներ