ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Եթովպիոյ կառուցած «Նահտա» ամբարտակի տագնապին նուիրուած նիստին ընթացքին աջակցութիւն յայտնեցին Եթովպիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուտանի միջեւ լարուածութիւն յառաջացուցած ամբարտակի հարցի լուծման Ափրիկեան միութեան ջանքերուն:
Յանուն Եգիպտոսի, Ապահովութեան խորհուրդի նիստի գումարման կոչ ուղղած Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քելի Քրաֆթ յայտնեց.«Այս խնդիրը խորհուրդին ներկայացուած է, որովհետեւ ժամանակը կարճ է, եւ համաձայնութեան հասնելու պատուհանը կրնայ արագ փակուիլ»: Ան խնդրոյ առարկայ երեք երկիրներուն կոչ ուղղեց` խուսափելու որեւէ քայլէ, որ կրնայ վնաս պատճառել համաձայնութեան հասնելու հարկաւոր բարիկամեցողութեան:
Նիստի ընթացքին բազմաթիւ խօսք առնողներ նոյն կէտը շեշտեցին` նշելով, որ այս թղթածրարը այլեւս Ափրիկեան միութեան յանձնուած է: