Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Եւ Սենթ Փեթերսպուրկի Մէջ Ցոյցեր` Ընդդէմ Փութինի Նախագահական Նստաշրջանի Ժամկէտի «Զերոյացման»

July 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քուէարկողներուն 77,92 Առ Հարիւրը Թեր Են
Ռուսիոյ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

Ռուսիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը հաղորդեց, որ քուէներու ամբողջական հաշուարկէն յստակացաւ, որ հանրաքուէի մասնակիցներուն 77,92 առ հարիւրը թեր քուէարկած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, իսկ 21,37 առ հարիւրը` դէմ:

Մէկ շաբթուան տեւողութեամբ քուէարկութիւնը սկիզբ առած էր 25 յունիսին եւ աւարտած 1 յուլիսին: Ամբողջ Ռուսիոյ տարածքին քուէարկութեան կեդրոնները բաց մնացած էին առաւօտեան ժամը ութէն մինչեւ երեկոյեան ժամը ութ:

Սահմանադրական բարեփոխումներուն հիմամբ վերադասաւորման կ՛ենթարկուին նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանին լիազօրութիւնները, կ՛ընդլայնուին պետական խորհուրդին առաքելութիւնները, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կ՛արգիլուի այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն կամ այլ երկիրներու դրամատուներու մէջ հաշիւներ ունենալ, կ՛ընդարձակուին նախագահական թեկնածու ներկայանալու պայմանները, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահներուն դատական անձեռնմխելիութիւն կը շնորհուի:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 1 յուլիսին Մոսկուայի Փուշքինի անուան հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ քուէարկութեան եւ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախագահական նստաշրջանի ժամկէտի «զերոյացման» դէմ:

Ցուցարարներուն հաւաքուելու կոչ ուղղած է «Ո՛չ» շարժումի համակարգող Անտրէյ Փիւովարով: Ցոյցերուն մասնակցելու մտադրութիւն յայտնած էր նաեւ Մոսկուայի Խամովնիքի շրջանի երեսփոխան Իլիա Ազար: Ըստ տարբեր լրատուամիջոցներու, ցուցարարներուն թիւը քանի մը հարիւր եղած է:

Նոյն պահանջով բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է նաեւ Սենթ Փեթերսպուրկի Պալատական հրապարակին վրայ: Ցոյցին մասնակիցները պահանջած են ջնջել գործող նախագահին նախագահական նստաշրջանի «զերոյացումը» եւ չվերաշարադրել սահմանադրութիւնը: Ցոյցին մասնակիցներուն թիւը դարձեալ շուրջ հարիւր եղած է:

 

Նախորդը

«Նիւ Եորք Թայմզ» Նոր Բացայայտումներ Կը Կատարէ Ռուսիոյ Հետախուզութեան Եւ Թալեպաններու Ենթադրեալ Համագործակցութեան Մասին

Յաջորդը

Գերմանիոյ Մէջ 8 Հազար Լրտեսներ Կը Հետապնդեն Էրտողանի Ընդդիմադիրները

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.