Գերմանիոյ մէջ քաղաքական ապաստան խնդրող թուրք գաղթականներուն թիւը 2014 եւ 2015 թուականներու հասաւ տարեկան 1800-ի: Այդ թիւը 2016 թուականին բարձրացաւ 5700-ի եւ շարունակեց տարեկան աճ արձանագրել, իսկ անցեալ տարի, ըստ Գերմանիոյ մէջ պաշտօնական տուեալներու, հասաւ 36.000-ի:
Այդ գաղթականներէն շատեր «Արապիա»-ի յայտնած են, որ թուրք գաղթականներուն զուգահեռ, հինգ միլիոն թուրք բնակչութիւն ունեցող Գերմանիոյ մէջ աճած է թրքական գաղտնի սպասարկութեան գործակալներուն թիւը:
Անոնք յայտնած են, թէ Գերմանիոյ մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան աւելի քան 8000 գործակալներ եւ հարիւրաւոր լրտեսներ կան, ինչպէս նաեւ թրքական դեսպանատան ճամբով գործող անյայտ թիւով գործակալներ, որոնց բոլորին նպատակը Կիւլենի հետեւորդներն ու քիւրտերը հետապնդելն է:
«Արապիա» կը յայտնէ, թէ Էրտողան կը փորձէ ընդդիմադիր քաղաքագէտները ահաբեկիչներ նկատելով անոնց արտայանձնումը ապահովել, ուստի չէ տատամսած տասնեակներով անուններ պարունակող ցանկ մը 2018 թուականին ներկայացնել Գերմանիոյ վարչապետարանին:
Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը նախապէս այդպիսի ցանկ մը յանձնած էր գերմանական իշխանութիւններուն, որոնք անտեսած էին զայն: Գերմանական ոստիկանութիւնը օրին զգուշացուցած էր խնդրոյ առարկայ անձերը Թուրքիա այցելելէ, որպէսզի ձերբակալուելով չբանտարկուին:
«Արապիա» կը նշէ, թէ Եւրոպայի մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան գործունէութեան մասին գիրքի հեղինակ Շիմթ Իյընպոմ Գերմանիոյ մէջ թուրք գործակալներուն թիւը կը գնահատէ աւելի քան ութ հազարով, որոնց վրայ կ՛աւելցնէ հարիւրաւոր լրտեսներ, որոնք ուղղակի կերպով առնչուած են թրքական գաղտնի սպասարկութեան, որ գերմանական հողերուն վրայ գործակալներ կը զինուորագրէ: