Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ մտադիր են առաջին անգամ ըլլալով Կիպրոսի հետ ռազմափորձեր կատարել: ՕԹԱՆ-ի մէջ Ուաշինկթընի դաշնակից Անգարա անմիջապէս քննադատեց Նիկոսիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ֆինանսաւորէ Կիպրոսի հետ ռազմափորձերը` «իբրեւ մեր հետզհետէ ընդլայնուող ապահովական յարաբերութիւններու մէկ մասը»:
«Ասիկա մաս կը կազմէ Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ կայունութեան ամրապնդման համար մեր գլխաւոր շրջանային գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու մեր ջանքերուն», աւելցուց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Թուրքիա եւ 1974-ին թրքական բանակին կողմէ բռնագրաւուած այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը զգուշացուցին Նիկոսիոյ հետ զինուորական գործակցութեան արգելքին վերջ տալէն` նշելով, որ ատիկա անտեղի միջադէպերու պատճառ պիտի դառնայ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կ՛ուզենք մեր ամերիկացի դաշնակիցներուն յիշեցնել, որ կղզիի երկու հատուածներուն նկատմամբ հաւասար վարմունքը ՄԱԿ-ի սկզբունքներէն մէկն է»:
«Այսպիսի քայլերը չեն նպաստեր կիպրական հարցին լուծում գտնելու ջանքերուն, այլ կ՛ամրապնդեն Կիպրոսի յունական հատուածի կարծր կեցուածքը», աւելցուց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց, որ ատիկա «ո՛չ կղզիին վրայ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնման, ո՛չ ալ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման կը նպաստէ»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անցեալ տարի վերջ տուած էր Կիպրոսին զէնք ծախելու տասնամեակներու վրայ երկարած արգելքին: Այդ արգելքը հաստատուած էր 1987 թուականին:



