Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ յայտնեց, որ լիպիական տագնապը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ եւրոպական անվտանգութեան վրայ: Պորել շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ լարուածութեան ժխտական ազդեցութիւնները առնել վերահսկողութեան տակ:
Եւրոպական Միութիւնը նաեւ յայտնեց, որ պիտի շարունակէ հետեւիլ դէպի Լիպիա զէնքի մատակարարումներուն, ուրկէ ալ ըլլան անոնց աղբիւրը:
Պորել, որ անցնող օրերուն այցելեց Նիկոսիա, Աթէնք եւ Անգարա, յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի ճանչնար Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը եւ կը մերժէ Կիպրոսի ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ կատարած աշխատանքները:
Ան կոչ ուղղեց «վերջ տալու Եւրոպական Միութեան` Թուրքիոյ նկատմամբ գոյութիւն ունեցող ժխտական ուղղուածութեան, որովհետեւ Անգարա Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ ընթացող իրադարձութիւններէն ազդուեցաւ, եւ շրջանին մէջ ազդու տարրերէն է»:
«Հակառակ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կարգ մը հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն` կարելի չէ անտեսել մեր հասարակաց շահերը, որովհետեւ անիկա (Թուրքիան, «Ա.») աւելի քան 3,5 միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ եւ անոնց հետ առատաձեռնութեամբ կը վարուի», ըսաւ Պորել:
«Եւրոպական Միութիւնը պէտք է գործակցի Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ թղթածրարներուն վերաբերեալ քաղաքական լուծումներ գտնելու համար», յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը:
Եւրոպական խորհրդարանի մեծագոյն պլոքի` Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութեան պլոքի նախագահ Մանֆրետ Ֆոպըր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջանին մէջ լարուածութիւնն ու շրջանին մէջ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան քննարկման յատկացուած նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան հետզհետէ կը հեռանայ եւրոպական արժէքներէն: