Լիպիոյ ազգային բանակին Ուաթիա ռազմակայանին վրայ օդային հարուածին պատճառով թրքական ուժերուն կրած մեծ կորուստներուն մասին յայտարարելէն եւ Անգարայի օդային պաշտպանութեան համակարգի մը քանդուելուն մասին հաստատումէն ետք Թուրքիոյ նախագահութեան մամլոյ ծառայութիւնը երէկ յայտնեց, թէ Ժուֆրայի ռազմակայանը թրքական ուժերուն համար զինուորական թիրախ մըն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»¬ն:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը դիտել տուաւ, որ Ժուֆրայի ռազմակայանի կարեւորութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ Սերթ քաղաքին հետ միասին կը նկատուի լիպիական քարիւղի աղբիւրներուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու բանալին եւ ռազմավարական դիրք ունի:
Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսի 21 յունիսին յայտարարեց, որ պիտի չարտօնէ Եգիպտոսի արեւմտեան սահմաններուն նկատմամբ որեւէ սպառնալիք` շեշտելով, որ Լիպիոյ մէջ Սերթ եւ Ժուֆրա քաղաքներու շրջանցումը Եգիպտոսի համար կարմիր գիծ է:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին յայտնած էր, թէ Լիպիոյ մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման համար Լիպիոյ ազգային բանակը պէտք է հեռանայ ռազմավարական Սերթ քաղաքէն:
Միւս կողմէ, Գահիրէի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճանըսըն Քոհեն յայտարարեց, որ աշխատանք կը տանի «Եգիպտոսը ուժեղ, անվտանգ ու բարգաւաճ դարձնելու, որովհետեւ այդ մէկը կը բխի Ամերիկայի շահերէն, ուստի զինուորական մարզին մէջ կը գործակցինք Եգիպտոսի հետ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, սահմաններու անվտանգութեան կարողականութեան բարձրացման եւ անոր պաշտպանականութեան զարգացման ի խնդիր: Մենք կը փորձենք աւելցնել առեւտրական ներդրման արժէքը եւ կը շարունակենք զարգացման օժանդակութիւններ տրամադրել` փորձելով ապագային Եգիպտոսի մէջ տնտեսական բարգաւաճում իրագործել», յայտնեց Քոհեն:
Ան նշեց, որ իր երկիրը Եգիպտոսի հետ ունի զինուորական, տնտեսական ու քաղաքական մարզերուն մէջ երկարատեւ տասնամեակներու վրայ երկարող ռազմավարական յարաբերութիւններ, որոնք «ներկայ փուլին բարգաւաճում եւ աճ կ՛արձանագրեն»: