Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, Իսրայէլ Յարձակում Գործած Է Իրանեան Գործարանին Վրայ. Ըստ Ռուսական Լրատուամիջոցներու` Յարձակումը Գործուած Է Ազրպէյճանէն

July 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ ներթափանցման գործողութիւն կատարած է իրանեան «Նաթանզ» հիւլէական գործարանին մէջ` օգտագործելով պայթուցիկ սարք: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր սեփական աղբիւրներուն:

Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը 2 յուլիսին հաղորդած էր, որ իւրանիոմի հարստացման «Նաթանզ» գործարանի շինարարութեան մէջ եղող կառոյցներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած դէպքի մասին. տեղւոյն իշխանութիւնները տեղեկացուցած էին հրդեհի մասին: Կը նշուէր, որ ոչ ոք վնասուած է, եւ շողարձակ նիւթերու արտահոսք տեղի չէ ունեցած: 5 յուլիսին Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան բանբեր Պեհրուզ Քամալվանտին յայտարարած էր, որ Իրան կը ծրագրէր «Նաթանզ» գործարանին մէջ ժամանակակից հնոց արտադրել:

Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն հետախուզութենէն անանուն աղբիւրը ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին յայտնած է, թէ Իսրայէլ պայթուցիկ հզօր սարք տեղադրած է գործարանին մէջ: Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչը օրաթերթին հաստատած է, որ մէկը պայթուցիկ սարք օգտագործած է:

Օրաթերթը նոյն ատեն կը նշէ, որ չէ կրցած ստուգել եւ հաստատել հիւլէական գործարանին մէջ արձանագրուած դէպքին Իսրայէլի մեղսակցութիւնը: Իսրայէլի պաշտօնական դէմքերը օրաթերթին յստակ մեկնաբանութիւններ չեն տուած, սակայն ընդգծած են «վտանգը, որ Իրանի հիւլէական զէնքէն կը ծագի»:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած հետախուզական աղբիւրին յղում կատարելով` կը նշէ, որ հաւանական է դէպքին պատճառը ըլլայ տեղադրուած սարքի պայթումը, սակայն չի բացառեր, որ ատիկա արդիւնաբերական արկածի հետեւանք ըլլայ:

Միւս կողմէ` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ռուսական «Քոնթէյնըր» ռատարի կայանները յայտնաբերած են անյայտ օդանաւեր, որոնց միջոցով հարուածներ հասցուած է Իրանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

Ռուսական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ իրանա-ազրպէյճանական սահմանին վրայ խորհրդային «Ս-75» օդային պաշտպանութեան համակարգերու կուտակումն ու իրանեան զինուորական կառոյցներու վրայ անհասկնալի յարձակումը կրնան իրարու առնչուած ըլլալ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է այս տեղեկութիւնները` փորձելով անգամ մը եւս մեղքը բարդել «հայամէտ» ուժերու վրայ:

«Այս հաղորդագրութիւնը, որ տարածուած է հայամէտ ուժերու կողմէ, անհիմն է եւ կեղծ: Այսպիսի տեղեկատուութեան տարածման նպատակը ազրպէյճանա-իրանեան յարաբերութիւնները խարխլելն է: Յստակ է, որ երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններուն վնասելու նպատակով տեղեկատուութեան տարածումը ոչինչ է, եթէ ոչ կանխամտածուած զրպարտութիւն», շեշտեց երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Թուրքիա Մեր Երկիրին Մէջ Իր Ախորժակները Յագեցնէ» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Խորհրդարանը

Յաջորդը

Թուրքիա. «Ժուֆրա Ռազմակայանը Լիպիոյ Մէջ Մեր Ուժերու Համար Զինուորական Թիրախ Է»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.