Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանան, Եգիպտոս, Ֆրանսա Եւ Գերմանիա. «Պիտի Չճանչնանք 1967-ի Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Եւ Կը Զգուշացնենք Կցման Ծրագիրէն»

July 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի, Յորդանանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները յայտարարեցին, որ իրենց երկիրները պիտի չճանչնան «1967 թուականի սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն, որուն շուրջ տագնապի կողմերը համաձայնութիւն չեն գոյացուցած»` աւելցնելով. «Պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերու որեւէ կցում միջազգային օրէնքի խախտում պիտի ըլլայ»:

Չորս երկիրները այս կեցուածքը յայտնեցին Յորդանանի հրաւէրով գումարուած տեսաժողովի մը ընթացքին, որուն Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի կողքին կը մասնակցէին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարութեան ընդհանուր քարտուղարը:

Յորդանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած են «Պաղեստինեան դատի զարգացումները եւ խաղաղութեան հոլովոյթի ներկայ կացութիւնը»: Ժողովին մասնակիցները շեշտած են, թէ Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանէն ու Յորդանան գետի հովիտէն բաժիններ կցելու քայլը «շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան համար վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

Եգիպտոս, Յորդանան, Ֆրանսա եւ Գերմանիա ընդգծեցին իրենց յանձնառութիւնը` «միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած բանակցութիւններու ճամբով երկու պետութիւններու լուծման» նկատմամբ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի հետ ժողովի ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրին հիմամբ բանակցութիւններու:

Ան նախագահ Թրամփի «Դարու գործարք»-ը անունով ծանօթ ծրագիրը նկատած է «նորարար եւ իրատեսական, եւ չի կրկներ անցեալի ձախող բանաձեւերը»:

Նախորդը

Իրանի Մէջ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին 4-րդ Պայթումը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահութեան Հաղորդակցութեան Ծառայութիւնը Կը Ջնջէ Իրաքը Մասնատուած Ներկայացնող Քարտէսը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.