Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օգտագործելէ Ետք Սէուտական Օդային Տարածքը. Իսրայէլեան «Էլ Ալ» Օդանաւային Ընկերութեան Օդանաւը Էջք Կատարեց Ապուի Տապի

Սեպտեմբեր 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան յայտարարութենէն շուրջ երկու շաբաթ ետք իսրայէլեան եւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւններ երէկ հասան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապի:

Երկու պատուիրակութիւնները Թել Աւիւէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ փոխադրող իսրայէլեան «Էլ Ալ» օդանաւային ընկերութեան թիւ 971 թռիչքը անցաւ Սէուտական Արաբիոյ օդային տարածքէն:

Ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ռապըրթ Օ՛Պրայըն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարըտ Քուշներ: Իսրայէլեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայիր պեն Շապաթը:

Երկօրեայ այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հասած իսրայէլեան պատուիրակութիւնը Ապու Տապիի մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ էմիրաթցի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար յարաբերութիւններու բնականոնացումը, տնտեսական, քաղաքային ու առողջապահական գործակցութիւնը եւ Ուաշինկթընի մէջ հոկտեմբերին Իսրայէլ-Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ համաձայնութեան ստորագրման արարողութեան նախապատրաստութեան առնչուող հարցեր:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, թէ կիրակի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիաու ամերիկեան պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին աւարտին յայտնած է. «Վաղը բնականոնացման վերջին համաձայնութեան առթիւ իսրայէլեան առեւտրական առաջին թռիչքը պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Ասիկա հրեաներու պետութեան համար մեծ քայլ մըն է` առեւտրական, զբօսաշրջական, ներդրումային եւ այլ առումներով»:

Նեթանիահու նաեւ ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետութեան ղեկավար շէյխ Խալիֆա պըն Զայետ Ալ Նահիանի շաբաթ օր Իսրայէլը պոյքոթի ենթարկելու օրէնքի ջնջման հրամանագիր հրապարակելուն քայլը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարըտ Քուշներ իսրայէլեան «Էլ Ալ» ընկերութեան Թել Աւիւէն Ապու Տապի մեկնող «Պոյինկ 737» օդանաւ բարձրանալէն առաջ յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ այս առաջին թռիչքը «Միջին Արեւելքի մէջ պատմական հոլովոյթի» մը սկիզբը ըլլայ:

Քուշներ Ապու Տապի հասնելէ ետք յայտարարեց. «Էմիրաթական-իսրայէլեան խաղաղութեան համաձայնագիրը աշխարհի վրայ մեծ ընդունելութիւն գտաւ, որովհետեւ խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն համար կարեւոր է»:

«Էմիրաթական-իսրայէլեան համաձայնագիրը պիտի փոխէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ընթացքը, եւ կոչ կ՛ուղղեմ` տարածաշրջանին մէջ ու աշխարհի վրայ խաղաղութեան հոլովոյթը ընդլայնելու», աւելցուց ան:

Քուշներ ըսաւ, թէ տարածաշրջանի ապագան պէտք չէ անցեալի պատանդը մնայ, «ուստի պաղեստինցիներուն ուղղուած մեր պատգամը յոյսի պատգամ է` բարելաւելու իրենց ապագան, եւ անոնք պէտք է վերադառնան երկխօսութեան ու խաղաղութեան ուղղութեամբ քայլեր առնեն»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Մէյիր պըն Շապաթ իր կարգին նշեց. «Մենք խաղաղութիւն կը կառուցենք` ի շահ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, եւ մեր առաջին քայլը պէտք է ըլլայ իրանեան սպառնալիքներու դիմակայումը»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ապու Տապիի գահաժառանգին` նշելով, որ երկու երկիրները պէտք է ամրապնդեն հասարակաց կապերը` «փոխելու համար իրողութիւնը»:

«Այլ համաձայնութիւններով խաղաղութեան ամրապնդումը կը նախատեսենք, եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ խաղաղութեան ճամբայ կ՛ուզենք», նշեց պըն Շապաթ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Ազգային Հերոսներու Մասին…

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?