Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Թուիթըր»-ի ճամբով յայտարարեց. «Իրանի դէմք պատժամիջոցները պիտի վերականգնին 20 սեպտեմբերի կէս գիշերին»:
«Եթէ ՄԱԿ-ի անդամներէն մէկը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մեղմացումը շարունակելու նախագիծ մը, Միացեալ Նահանգերը ատոր պիտի ընդդիմանան, եւ եթէ որեւէ նախագիծ չներկայացուի, ապա 20 սեպտեմբերին Իրանի դէմ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին: Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 որոշումը այդպէս կը գործէ», դիտել տուաւ Փոմփէօ: