Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց

Օգոստոս 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ միջինարեւելեան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելեց Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Փոմփէօ յայտարարեց, որ Պահրէյնի գահաժառանգին հետ քննարկած է շրջանային կայունութեան ու Ծոցի միասնականութեան վերաբերող հարցեր: Ան նաեւ նշեց, որ պէտք է օգտուիլ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնութեան խթանէն:

Ան Մանամայի մէջ բանակցութիւններ վարեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման քաջալերման համար իր ձեռնարկած շրջանային շրջապտոյտին ծիրին մէջ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆայի եւ գահաժառանգ Սալման պըն Համատ Ալ Խալիֆա իշխանին հետ:

Ան «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Քննարկեցինք շրջանային խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իրանեան վատ ազդեցութեան դէմ Ծոցի միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը»:

Պահրէյնի թագաւորը շեշտեց, որ կը մերժէ «իրանեան սպառնալիքներն ու շրջանի երկիրներուն դէմ թեւաւոր հրթիռներու արձակումը»: Ան նաեւ շեշտեց իր երկրին կառչածութիւնը Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան, որ հիմնուած է Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման դիմաց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման վրայ:

Պահրէյնի թագաւորը նաեւ կարեւոր նկատեց պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը «Երկու պետութիւններ» սկզբունքին հիմամբ լուծելու կարեւորութիւնը, ինչ որ արդար ու համապարփակ խաղաղութիւն կը հաստատէ եւ կ՛առաջնորդէ ըստ միջազգային օրինականութեան ու արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան, արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան անկախ ու գերիշխան պետութեան մը ստեղծման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Պահրէյն այցելութեան աւարտին շրջանային իր շրջապտոյտի վերջին փուլով կարճատեւ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր իր էմիրաթցի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Լիպիոյ տագնապին ու շրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան դիմակայման հարցերը:

Փոմփէօ Ապու Տապի հասնելէ ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով էմիրաթցի ժողովուրդը շնորհաւորեց Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար, որ «Միջին Արեւելքի մէջ 25 տարիէ ի վեր դէպի խաղաղութիւն կարեւորագոյն քայլ մըն է, եւ կը յուսանք այս խթանին վրայ հիմնուելով ուղղուիլ դէպի շրջանային խաղաղութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Փոմփէօ եւ շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան խօսած են «Լիպիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման ու յարատեւ զինադադարի մը աջակցելուն, Ծոցի միասնականութեան եւ շրջանին մէջ Իրանի վնասակար ազդեցութեան դիմակայման աջակցութեան մասին»:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Մերժէ Միջինարեւելեան Երկիրներու «Էֆ-35»-ի «Մինչեւ Իսկ Մէկ Պտուտակ» Վաճառելը

Յաջորդը

Թուրքիա. «Սեւ Ծովուն Մէջ Յայտնաբերուած Կազը Կրնայ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ Նոր Գործակցութեան Առաջնորդել»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?