Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Թել Աւիւի մէջ թեթեւ գնացքի երկաթուղիի հաստատման ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին հին գերեզմաններ յայտնաբերած են:
Նախաաղէտեան պաղեստինեան պատմութեան մասնագէտներ յայտնեցին, թէ Թել Աւիւի կեդրոնը յայտնաբերուած գերեզմանները 1948-ին տեղահանուած Սամմայլ գիւղին մէջ են:
Աղբիւր մը «Հաարեց»-ին յայտնած է, թէ գերեզմանները, ըստ երեւոյթին, հրէական չեն: Իշխանութեան մէջ գործողներ իրենց կարգին նշեցին, թէ յայտնաբերուած գերեզմանները ՆՔ 333 թուականի հելլենիստական ժամանակաշրջանէն են` հասնելով օսմանեան բռնագրաւումին:
Վայրին մէջ նախապէս կատարուած հնագիտական քննութիւն մը յայտնաբերած էր օսմանեան եւ իսլամական նախնական ժամանակաշրջաններու իրեր, բայց եւ այնպէս, գերեզմաններուն թուականը տակաւին կը մնայ անյայտ, իսկ հնագիտական իշխանութիւնները հետաքննութիւն պիտի կատարեն տեսնելու համար, թէ այդտեղ աճիւններ գոյութիւն ունի՞ն: