Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Մերժէ Միջինարեւելեան Երկիրներու «Էֆ-35»-ի «Մինչեւ Իսկ Մէկ Պտուտակ» Վաճառելը

August 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի բնակեցման վայրերու հարցերու նախարար, Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Ցահի Հանիկպի «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ դէմ է Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ պետութեան, ներառեալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչի «մէկ պտուտակ» վաճառելուն:

Նախքան այդ հաղորդուած էր Ապու Տապիին «Էֆ-35»-ներ ծախելու յստակ ծրագիրի մը մասին:

«Մենք դէմ ենք ռատարներէ չնշմարուելու կարողութիւն ունեցող օդանաւերու նոյնիսկ մէկ պտուտակ ծախելուն միջինարեւելեան որեւէ պետութեան, անոր հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն ունենանք, թէ ոչ: Նախապէս այդ առաջարկը կատարուած էր եւ վերջին շաբաթներուն ատիկա յստակացուեցաւ», նշեց Հանիկպի:

«Ամերիկացիները ստիպուած չեն ընդունելու մեր կեցուածքը: Զայն չընդունեցին, երբ որոշեցին ռատարներու վրայ չերեւելու կարողութիւն ունեցող օդանաւերը ծախել Թուրքիոյ, որ թշնամական երկիր չենք նկատեր, սակայն մենք գիտենք, որ անոնց հետ կրնանք ձեւով մը տագնապ ունենալ», աւելցուց ան:

Միւս կողմէ, էմիրաթական «Ուամ» պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երեքշաբթի օր հեռաձայնած է Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի եւ քննարկած «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները»:

Երկու կողմերը քննարկած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ու Իսրայէլի միջեւ գոյացած խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ զայն ամրապնդելու հորիզոնները` ի նպաստ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման:

Նախորդը

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Հասաքէի Մէջ Ջուրը Իբրեւ Պատերազմի Զէնք Օգտագործել Շարունակելէ

Յաջորդը

Փոմփէօ Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.