Իսրայէլ Յարձակում Գործած Է Սուրիոյ Թայֆուր Օդակայանին Վրայ
Սուրիական բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են իսրայէլեան հրթիռային յարձակումի մը, որուն թիրախը Հոմսի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր օդակայանն էր: Զինուորական աղբիւր մը սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ չորեքշաբթի գիշեր ժամը 10:23-ին Իսրայէլ հրթիռներ արձակած է Թայֆուր օդակայանին ուղղութեամբ: Սուրիական բանակի հակաօդային համակարգերը դէմ դնելով յարձակումին վար առած են հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: Յարձակումը միայն նիւթական վնասներ...




















