Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Եւրոպական Միութեան Կողմէ Թրքական Ընկերութեան Մը Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը Կը Նկատէ Կողմնակալութեան Ցուցանիշ

September 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա երէկ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Լիպիա զէնքի մատակարարման արգելքը խախտելուն համար թրքական ընկերութեան մը դէմ հաստատուած եւրոպական պատժամիջոցները Եւրոպական Միութեան երկակի չափանիշներու կիրարկման եւ կողմնակալութեան ցուցանիշ են: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր Լիպիա զէնքի մատակարարման արգելքը խախտելնուն համար պատժամիջոցներ հաստատեց թրքական, յորդանանեան եւ ղազախական երեք ընկերութիւններու դէմ: Եւրոպական Միութիւնը սառեցուց հաշիւները թրքական «Աւրասիա Շիփինկ» ընկերութեան, որուն պատկանող «Չիրքին» բեռնատար նաւը մասնակից էր յունիսին Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրուած միջադէպին:

Եւրոպական Միութիւնը թրքական ընկերութիւնը ամբաստանեց նաւը Լիպիա զէնք մաքսանենգելու համար օգտագործելու յանցանքով: Անգարա հերքեց ամբաստանութիւնը` նշելով, որ նաւը մարդասիրական օժանդակութիւն կը փոխադրէր:

«Եւրոպական Միութեան «Իրինի» գործողութիւնը կը վարձատրէ Հաֆթարը եւ կը պատժէ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած լիպիական կառավարութիւնը», երէկ ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նշենք, որ «Իրինի»-ն Լիպիոյ հակամարտող կողմերուն զէնքի մատակարարումը արգիլելու համար Եւրոպական Միութեան զինուորական առաքելութեան անունն է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց.«Անտեսելով այն երկիրներն ու ընկերութիւնները (սկսելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն), որոնք (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի) որոշումները խախտելով, ցամաքի եւ օդի ճամբով զէնքեր կ՛ուղարկեն յեղաշրջական Հաֆթարին, մինչ օրինական կառավարութեան տրամադրուած աջակցութիւնը… արգելքի խախտում կը նկատուի, յստակ ցուցանիշ է, թէ Եւրոպական Միութիւնը… կողմնակալ է»:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ թրքական ընկերութեան կողքին Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ հաստատած է ղազախական «Սիկմա» օդանաւային ընկերութեան եւ յորդանանեան «Մետ Ուէյվ Շիփինկ» ընկերութեան, ինչպէս նաեւ երկու լիպիացիներու դէմ:

Եւրոպական պաշտօնական թերթը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Մահմուտ Ուրֆալին եւ Տիապ Մուսան պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ առած է` Լիպիոյ մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներու պատճառով:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ» Ընկերութիւնը Ազրպէյճանական Դրամի Լուացումի Առնչուած 2 Ընկերութիւններու 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է

Յաջորդը

Փոմփէօ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներու Հաստատումը Յայտարարեց

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.