Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէ Եւրոպական խորհրդարանի` Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ Թուրքիոյ հորատման աշխատանքները դադրեցնելու կոչ ուղղող բանաձեւը: Այս մասին կը գրէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Եւրոպական խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի` Թուրքիոյ վերաբերեալ 17 սեպտեմբեր 2020-ի խորհրդատուական բանաձեւը հեռու է բացառապէս Եւրոպական Միութեան անդամներուն համերաշխութիւն յայտնելու համար որդեգրուած ըլլալէն եւ շատ առումներով անընդունելի է», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը կողմնակալ ու անարդար դիրքորոշման եւ ծովային օրէնքներու անհիմն ու միակողմանի մեկնաբանութիւններու պատճառով:
«Ո՛չ Եւրոպական խորհրդարանը, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը, ո՛չ ալ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները իրաւասութիւն ունին որոշելու երրորդ երկիրներու սահմաններն ու իրաւասութիւնները», ընդգծած է նախարարութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է. «Նման կողմնակալ որոշումի որդեգրումը, հակառակ բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ Եւրոպական Միութեան բոլոր կառոյցներուն մէջ Թուրքիոյ ջանքերուն, անհամատեղելի է բարի կամեցողութեան եւ ողջախոհութեան հետ»:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները եւ սպառնացած պատժամիջոցներ կիրարկել Անգարայի դէմ:
Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական խորհուրդին կոչ ուղղած է պատրաստ ըլլալու մշակելու հետագայ սահմանափակումներ, որոնք պէտք է ըլլան ոլորտային ու նպատակային եւ պէտք չէ բացասաբար անդրադառնան Թուրքիոյ ժողովուրդին կամ այնտեղ ապրող գաղթականներուն վրայ: