Չինաստան ռազմափորձեր կը կատարէ Թայուանի նեղուցին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ժեն Կոցիանին:
Կոցիանի նշած է. «Ասոնք ողջամիտ եւ անհրաժեշտ գործողութիւններ են` ուղղուած Թայուանի նեղուցին մէջ ընթացիկ իրավիճակին եւ ազգային գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան»:
Ըստ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին, Թայուան Չինաստանի ներքին գործն է, որ չի հանդուրժեր օտարերկրեայ միջամտութիւն:
«Չինաստանի վրայ վերահսկողութեան համար Թայուանը օգտագործելու փորձերը կամ ինքնակատարելագործման նպատակով օտարերկրացիներու վրայ յենիլը ցանկալին իրականութեան փոխարէն ներկայացնել է: Անոնք, որոնք կրակի հետ կը խաղան, պիտի այրին», շեշտած է ան:
Նշենք, որ Չինաստանի յայտարարութիւնը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան փոխնախարար Քիթ Քրաչի Թայուան այցելութեան օրը: Ան պէտք է հանդիպի երկրի նախագահ Ցայ Ին-Վենի հետ, իսկ շաբաթ օր ներկայ պիտի գտնուի հանգուցեալ նախագահ Լի Թեն-Հուէյի յիշատակի արարողութեան: