Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Ոեւէ Նախագահի Հետ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սեպտեմբեր 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, խօսելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 3 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մասին, նշած է, որ Մոսկուան պատրաստ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու որեւէ կառավարութեան հետ: Այս մասին Լաւրով յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Մենք, ի հարկէ, պիտի աշխատինք որեւէ երկրի մէջ ընտրուած որեւէ կառավարութեան հետ, եւ ատիկա կը վերաբերի նաեւ Միացեալ Նահանգներուն: Սակայն Միացեալ Նահանգները հետաքրքրող բոլոր հարցերուն շուրջ մենք պիտի խօսինք` բացառապէս հիմնուելով հաւասարութեան, փոխադարձ շահաւէտութեան եւ շահերու հաւասարակշռութեան որոնման վրայ: Մեզի հետ վերջնագիրներով խօսիլը անիմաստ է, անօգուտ է: Եթէ ոեւէ մէկը ատիկա տակաւին չէ հասկցած, ապա ան անարժէք քաղաքական գործիչ է», նշած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, շուտով պիտի սկսին Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուներու բանավէճերը, որոնց մէջ արդէն իսկ գլխաւոր կէտերէն մէկն է Ռուսիոյ` «Միացեալ Նահանգներու ընտրութեան միջամտելու հարցը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, նաեւ մեկնաբանելով Ուքրանիոյ տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարները, նշած է. «Չեմ կարծեր, որ Ուքրանիոյ մէջ ներկայ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ նախորդ նախագահին օրով Մինսքի համաձայնագիրներու կատարման հարցին մէջ յառաջընթաց ըլլայ, թէկուզ միայն այն պատճառով, որ այդ մասին հրապարակաւ կը խօսին նախագահ Զելենսքին, փոխվարչապետ Ռեզնիքովը, որ պատասխանատու է Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի լուծման համար կապի խումբին մէջ տարուող աշխատանքներուն համար, կը խօսի նաեւ արտաքին գործոց նախարար Քուլեպան»:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները կը յայտարարեն, որ Մինսքի համաձայնագիրները չեն կրնար չեղեալ յայտարարել, որովհետեւ անոնք (ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հանդէպ զանոնք չկատարելու համար մեղադրանքները), կը հանդիսանան Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հակառուսական պատժամիջոցները շարունակելու քաղաքականութեան հիմքը:

«Այդուհանդերձ, Մինսքի համաձայնագիրներու էութեան այդպիսի այլասերած ըմբռնումը, կամ աւելի ճիշդ` Ռուսիան ամէն ինչի մէջ մեղադրելու փորձը, հակառակ անոր որ Ռուսիան այնտեղ ոչ մէկ տեղ կը յիշատակուի, խոր կերպով ներթափանցած է մեր եւրոպացի գործընկերներուն, որոնց շարքին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ գիտակցութեան մէջ, որոնք, ըլլալով Մինսքի համաձայնագիրներու համահեղինակներ, չեն կրնար չհասկնալ, որ ուքրանացիները պարզապէս կը խեղաթիւրեն իրենց պարտականութիւնները` փորձելով հեռանալ անոնցմէ եւ Մինսքի համաձայնագիրներուն այլ բնոյթ պարտադրել», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ Քիեւի առաջարկած հաւասարակշռութիւնը` առաջնահերթ սահմանի վերահսկողութիւն, այլ ոչ թէ համաներում, ընտրութիւններ եւ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած կարգավիճակ, լիովին կը հակասեն Մինսքի համաձայնագիրներուն մէջ հաստատուած յաջորդականութեան:

 

Նախորդը

Ինտոնեզիոյ Մէջ Դիմակ Չդնող Անձերը Իբրեւ Պատիժ Կը Ղրկեն «Քորոնա»-էն Մահացածներու Համար Գերեզմանափոսեր Փորելու

Յաջորդը

«Սարաժի Հրաժարելու Մտադրութիւնը Ցաւալի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?