Անգարայի մէջ Յունաստանի դեսպանը կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` յունական թերթերէն մէկուն մէջ լոյս տեսած հրապարակումներու պատճառով, որոնք կը բովանդակէին վիրաւորական արտայայտութիւններ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին:
Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Յունաստանի դեսպանը` յունական թերթին մէջ Թուրքիոյ նախագահին վերաբերող ոչ պատշաճ վերնագիրի պատճառով», յայտարարած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է. «Վիրաւորանքներն ու հայհոյանքները պէտք չէ իբրեւ մամուլի ազատութիւն նկատուին»:
Ան անդրադարձած է նաեւ Կիպրոսի հարցի լուծման շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ յիշեցուցած, որ Անգարան բազմիցս յայտարարած է, թէ այլեւս պիտի չբանակցի դաշնակցային դրութիւն ստեղծելու վերաբերեալ:
Չաւուշօղլու ընդգծած է, որ անիմաստ է Կիպրոսի մէջ դաշնակցային դրութիւն ստեղծելու նոր նախաձեռնութիւններ յառաջ մղելը, որովհետեւ ատոնք դատապարտուած են ձախողութեան:
«Անկարելի է դարձեալ սկսիլ այն տեղէն, ուր մենք կանգ առած ենք: Մենք չենք կրնար բանակցութիւններու սկսիլ այն վայրէն, ուր սկսած է «Կրան¬Մոնթանան» (բանակցութիւններ Կիպրոսի հարցի լուծման շուրջ` Զուիցերիոյ Կրան¬Մոնթանա քաղաքին մէջ): Բանակցութիւնները աւարտած են, ատոնք ձախողած են: Նոր արկածախնդրութեան սկսիլը անիմաստ է, ատոնք դատապարտուած են ձախողութեան», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը: