Միջազգային

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին  Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Նախագահն Ու Մարոքի Նախագահը Ընդունեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու Թրամփի Հրաւէրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը ընդունած է Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան աւելցուց, որ իր երկրին որոշումը կ՛արտացոլէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ առաջարկած քսան կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրը ամբողջութեամբ...

Զամիր. «Ճակատամարտը Չէ Աւարտած,  Բոլոր Ճակատները  Կը Գործեն, Եւ Տակաւին Մեր Առջեւ  Բազմաթիւ Մարտահրաւէրներ Կան»

«Անակնկալ Պատերազմի Ծագման Կարելիութեան Կը Պատրաստուինք» Կ՛ըսէ Զօր. Զամիր

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց, որ իսրայէլեան բանակը անակնկալ պատերազմի ծագման կարելիութեան կը պատրաստուի: Ան սպառնաց Իսրայէլին վնաս հասցնելու որեւէ փորձի պարագային «աննախադէպ» յարձակողական կարողականութիւն օգտագործել: Զամիր ներքին ճակատի հրամանատարութիւն այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի պետութիւնը թիրախաւորող բազմաճակատ սպառնալիքներու դիմակայման մէջ, ներքին ճակատի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը ատակ է, մարզուած եւ բարձր պատրաստուածութեան մէջ է»: «Հրամանատարութիւնը ամէն պահու պատրաստ է ներքին...

Թրամփ «Կրինլանտը Ամերիկեան Հող»  Ըլլալու Մասին Լուսանկար Հրապարակած Է

Թրամփ «Կրինլանտը Ամերիկեան Հող» Ըլլալու Մասին Լուսանկար Հրապարակած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Կրինլանտի լուսանկար մը, թէ ան «ամերիկեան հող է»: Լուսանկարին մէջ ինք կ՛երեւի ամերիկեան դրօշը շալկած, մինչ իր ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսն ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն: Լուսանկարին մէջ նաեւ կը տեսնուի գրութիւն մը` «Կրինլանտ` ամերիկեան հող: Հաստատուեցաւ 2026 թուականին»:  

Իրանցի Դիւանագէտ Մը Զուիցերիայէն  Ապաստան Խնդրած Է

Իրանցի Դիւանագէտ Մը Զուիցերիայէն Ապաստան Խնդրած Է

Իրանի մէջ աճող բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւրոպական կեդրոնատեղիին մէջ աշխատող իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտ Ալիռեզա Ճէյրանի Հոքմապատ հրաժարական տուած է եւ Զուիցերիայէն ապաստան խնդրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Ինթըրնեշընըլ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: Հոքմապատ կը վարէր Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր դիւանագէտի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ եղած է շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ...

Թրամփ. «Խաղաղութեան Նոպելեան  Մրցանակը Չստանալէ Ետք, Ստիպուած Չեմ Զգար  Միայն Խաղաղութեան Համար Աշխատելու»

Թրամփ. «Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը Չստանալէ Ետք, Ստիպուած Չեմ Զգար Միայն Խաղաղութեան Համար Աշխատելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Սթորէին յայտնեց, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը չստանալէն ետք ստիպուած չի զգար «միայն խաղաղութեան համար աշխատելու»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Լրատու գործակալութեան համաձայն, Թրամփ Նորվեկիոյ վարչապետին յղած իր նամակին մէջ վերահաստատած է Կրինլանտին տիրելու իր պահանջը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է եւրոպական հակադարձութիւն մը ըլլայ,...

Լուքաշենքօ. «Հակամարտութեան Աւարտէն  Ետք Ռուսիայէն Ու Պիելոռուսիայէն Բացի  Ոչ Ոք Պիտի Օգնէ Ուքրանիոյ»

Լուքաշենքօ. «Հակամարտութեան Աւարտէն Ետք Ռուսիայէն Ու Պիելոռուսիայէն Բացի Ոչ Ոք Պիտի Օգնէ Ուքրանիոյ»

Հակամարտութեան աւարտէն ետք միայն Պիելոռուսիան ու Ռուսիան պիտի կարողանան Ուքրանիոյ օգնել, եւ Արեւմուտքը այլեւս անոր կարիքը պիտի չունենայ: «Էյչ.Թի.Պի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` ընդգծելով նաեւ, թէ Քիեւ պէտք է դադրեցնէ մարդկային կորուստները, եւ ոչ թէ կեդրոնանայ տարածքային հարցերու վրայ: «Տարածքը չ՛որոշեր: Ուքրանիան պէտք է մեկնի անկէ, եւ ոչ թէ ամէն օր հազարաւոր մարդիկ...

Եմէնցի Անջատողականներուն Ղեկավարը  Կը Խոստանայ Հարաւային Եմէնի Մէջ Անկախ  Պետութեան Ստեղծման Ուղղութեամբ  Աշխատանքը Շարունակել

Եմէնցի Անջատողականներուն Ղեկավարը Կը Խոստանայ Հարաւային Եմէնի Մէջ Անկախ Պետութեան Ստեղծման Ուղղութեամբ Աշխատանքը Շարունակել

Եմէնի մէջ անջատողականներու ղեկավար Իտրուս Զուպէյտի վճռակամութիւն յայտնեց հարաւի մէջ անկախ պետութեան ստեղծման ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ասիկա Զուպէյտիի ուժերու այս ամիս իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն վտարուելէն ետք առաջին յայտարարութիւնն է: Զուպէյտի ըսաւ. «Այսուհետեւ պիտի չընդունինք որեւէ լուծում, որ մեր իրաւունքէն կը պակսեցնէ կամ մեզի կը պարտադրէ մերժելի իրողութիւն...

«Հերմոն Լեռէն Պիտի Չհեռանանք, Մեր  Դիրքորոշումը Յստակ Ու Անբանակցելի Է»  Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը

«Հերմոն Լեռէն Պիտի Չհեռանանք, Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Ու Անբանակցելի Է» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտարարած է, թէ Իսրայէլ Հերմոն լեռէն պիտի չհեռանայ, եւ անոր դիրքորոշումը յստակ ու անբանակցելի է: Պաշտօնատարը աւելցուցած է, թէ իր երկիրը ձախողութեան մատնած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժեր տեղակայելու նախաձեռնութիւններ: Ան նշած է, որ Իսրայէլ մտահոգութեամբ կը հետեւի զէնքի մատակարարումներու շուրջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ բանակցութիւններուն: Իսրայէլացի պաշտօնատարը ընդգծած է,...

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաւէր ստացած է միանալու Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, եւ այդ կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Իսկապէս, նախագահ Փութին նոյնպէս դիւանագիտական ուղիներով առաջարկ ստացած է միանալու այս Խաղաղութեան խորհուրդին: Մենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք այս առաջարկի բոլոր մանրամասնութիւնները: Յոյս ունինք կապ հաստատել ամերիկեան կողմին հետ` բոլոր...

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը նկատեց «առանցքային շրջադարձային կէտ»: «Այս համաձայնութիւնն ու զինադադարը առանցքային շրջադարձային կէտեր կը ներկայացնեն, որովհետեւ նախկին հակառակորդները պառակտումի փոխարէն գործընկերութիւնը կ՛ընտրեն», ըսաւ ան: Ան բարձր գնահատեց երկու կողմերուն «շինիչ» մօտեցումը կնքելու համաձայնութիւն մը, որ «ճամբան կը հարթէ դէպի միացեալ Սուրիա առաջնորդող...

Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային  Արկածը Զոհեր Պատճառեց

Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային Արկածը Զոհեր Պատճառեց

Սպանիոյ հարաւը կիրակի գիշեր տեղի ունեցած երկաթուղային արկածի զոհերուն թիւը հասած է 39-ի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Սպանիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Օսքար Փուենթէ` յատուկ ընդգծելով, որ զոհերու թիւը «տակաւին վերջնական չէ»: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Քորտոպա նահանգի հիւանդանոցներուն մէջ աղէտէն վնասուած 48 մարդ կը գտնուի, եւ անոնցմէ 12-ը վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ են: Մալակայէն Մատրիտ եւ Մատրիտէն Հուելվա ուղղուող գնացքներու դիմահար...

Թրամփ. «Դանիան Անցնող Տարիներուն Ոչինչ  Կրցած Է Ընել Կրինլանտէն Ռուսական  Սպառնալիքը Վերացնելու Համար»

Թրամփ. «Դանիան Անցնող Տարիներուն Ոչինչ Կրցած Է Ընել Կրինլանտէն Ռուսական Սպառնալիքը Վերացնելու Համար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Դանիան ոչինչ կրցած է ընել Կրինլանտէն «ռուսական սպառնալիք»-ը հեռացնելու համար, հակառակ այն իրողութեան, թէ ՕԹԱՆ-ը քսան տարիէ ի վեր կը պնդէ, որ ատիկա պիտի կատարուի: «Հիմա ժամանակն է, եւ ատիկա պիտի կատարուի», շեշտեց ան: «Չինաստանի եւ Ռուսիոյ աճող ներկայութիւնը Կրինլանտին կենսական նշանակութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան շահերուն համար», ըսաւ Թրամփ: Միւս կողմէ,...

Այսօր Տաւոսի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան  Բանակցութիւններ

Այսօր Տաւոսի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Այսօր Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու հերթական փուլը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ արեւմտեան մամուլի տեղեկութիւններուն համաձայն, Քրեմլինի յատուկ բանագնաց Քիրիլ Տմիթրիեւը այսօր Տաւոսի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սպիտակ տան յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշների հետ: «Աքսիոս»-ի լրագրող Պարաք Ռաւիտի տեղեկութիւններուն համաձայն, կողմերը պիտի քննարկեն...

Քալիպաֆ. «Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիրի  Ձախողումը Թրամփը Յուսահատութեան  Մատնեց Եւ Հակասական  Ու Զայրացած Արձագանգներու Մղեց»

Քալիպաֆ. «Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիրի Ձախողումը Թրամփը Յուսահատութեան Մատնեց Եւ Հակասական Ու Զայրացած Արձագանգներու Մղեց»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրի ձախողումը Միացեալ Նահանգներու նախագահը յուսահատութեան մատնեց եւ հակասական ու զայրացած արձագանգներու մղեց»: «Յեղափոխութեան ղեկավար սէյիտ Ալի Խամենէին, ցուցարարներու շարքերը խռովարարներէն անջատեց` անտեսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի սպառնալիքները», ըսաւ ան: Քալիպաֆ յայտնեց, որ վերջին սադրանքը Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումին շարունակութիւնն էր: «Այն, ինչ որ 8 եւ 9 յունուարին Իրանի մէջ տեղի ունեցաւ, ՏԱՀԵՇ-ի...

«Կը Զօրակցինք Սուրիոյ Մէջ Կայունութեան Ու  Խաղաղութեան Վերականգնման Համար  Միջազգային Ջանքերուն»  Կ՛ըսէ Ռիատ

Սէուտական Արաբիան Կ՛ողջունէ Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ողջունեցին զինադադարի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու քաղաքական ու զինուորական բոլոր հաստատութիւններու Սուրիոյ պետութեան համարկման մասին համաձայնութիւնը: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յոյս յայտնեց, որ համաձայնութիւնը կը նպաստէ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման, պետութեան հաստատութիւններու կառուցման եւ օրէնքի կիրարկման` բաւարարելով բարգաւաճման եւ զարգացման սուրիացի ժողովուրդի ձգտումները: Ռիատ վերահաստատեց իր ամբողջական աջակցութիւնը քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ Սուրիոյ...

Փեզեշքիան. «Մեր Երկրի Գերագոյն Հոգեւոր  Ղեկավարին Վրայ Յարձակումը Համազօր Է Իրանի  Ժողովուրդին Դէմ Լայնածաւալ Պատերազմի»

Փեզեշքիան. «Մեր Երկրի Գերագոյն Հոգեւոր Ղեկավարին Վրայ Յարձակումը Համազօր Է Իրանի Ժողովուրդին Դէմ Լայնածաւալ Պատերազմի»

Մեր երկրի գերագոյն հոգեւոր պետին վրայ յարձակումը համազօր է Իրանի ժողովուրդին դէմ լայնածաւալ պատերազմի: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան: «Եթէ Իրանի յարգարժան ժողովուրդի կեանքը արդէն իսկ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ սահմանափակումներու մէջ է, ապա հիմնական գործօնները Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ անոր դաշնակիցներու երկարատեւ թշնամանքն ու անմարդկային պատժամիջոցներն են», նշած է Փեզեշքիան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

Սուրիական բանակը կայծակնային յարձակումով Եփրատ գետին վրայ հիւսիսային ռազմավարական Թապքա քաղաքն ու անոր ռազմական օդակայանը գրաւեց: Կառավարական ուժերը նաեւ գրաւեցին Ռաքքա քաղաքէն շուրջ 40 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Եփրատի ջրամբարը եւ Ռաքքա նահանգին մէջ ծանր զէնքեր եւ ուժեր կուտակեցին: Կառավարական ուժերը Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավար մարզի ապահովական ու ոստիկանական ուժերու Մարքատա քաղաքին մէջ գտնուող կեդրոնները գրաւեցին, իսկ անոնց դաշնակից ցեղախումբերու զինեալները գրաւեցին...

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ  Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի  Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

Քրտական ինքնակառավարման մարմինը Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի` քիւրտերու իրաւունքներուն վերաբերեալ հրապարակած հրամանագիրը նկատեց «առաջին քայլ» մը, սակայն անիկա «սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները չի բաւարարեր»: Սուրիոյ հիւսիսի եւ արեւելքի ինքնավարութեան մարմինը, մեկնաբանելով Շարհի` քրտերէնը «ազգային լեզու», Նովրուզի տօնը «ազգային տօն» նկատելը, մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն մէջ դպրոցներու մէջ քրտերէնով ուսուցում արտօնելը եւ Սուրիա բնակող քիւրտերուն երկրի քաղաքացիութիւն տալը, նշեց. «Իրաւունքները ժամանակաւոր հրամանագիրներով...

Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի  «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց

Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերը նշանակեց Կազայի յատուկ «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի հիմնադիր անդամ: Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թրամփ նաեւ Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը, իր փեսան` Ճարետ Քուշները եւ Միջազգային դրամատան նախագահ Աճայ Պանկան եօթը անդամներէ բաղկացած հիմնադիր «գործադիր խորհուրդ»-ի անդամ նշանակած է: Հաղորդագրութիւնը...

Կրինլանտի Հարց.  Թրամփ Մաքսատուրքեր Կը Հաստատէ.  Եւրոպան Կը Խոստանայ Հակադարձել

Կրինլանտի Հարց. Թրամփ Մաքսատուրքեր Կը Հաստատէ. Եւրոպան Կը Խոստանայ Հակադարձել

Կրինլանտի հարցը Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ առեւտրական խնդիր յառաջացուց, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւրոպական շարք մը երկիրներու դէմ մաքսատուրքեր հաստատեց, քայլ մը, որ եւրոպական մերժումի եւ փոխադարձ քայլերու դիմելու զգուշացումներու արժանացաւ: Թրամփ ըսաւ, որ 1 փետրուարէն սկսեալ եւրոպական շարք մը երկիրներու դէմ մաքսատուրքեր պիտի հաստատէ, եւ այդ քայլերը պիտի շարունակուին մինչեւ Կրինլանտը գնելու շուրջ համաձայնութիւն...

Page 43 of 882 1 … 42 43 44 … 882

Արխիւներ