Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով հակադարձեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին, որ Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր` Իրանի վրայ յարձակում գործելու` շեշտելով. «Իրանի ժողովուրդը «շատ լաւ գիտէ» ինչպէս ինքզինք պաշտպանել, եւ կարիքը չունի օտարներէն օգնութիւն մուրալու»:
Արաղչի նշեց, որ Զելենսքի «ամերիկացի եւ եւրոպացի հարկատուները մաշեցման կ՛ենթարկէ իր փտած զօրավարներուն գրպանները լեցնելու համար, եւ դիմակայելու համար այն, ինչ որ ան կը կոչէ ապօրինի յարձակում մը, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը կ՛ոտնակոխէ: Միեւնոյն ժամանակ բացայայտ ու առանց ամօթի Իրանի դէմ նոյն կանոնադրութեան խախտմամբ ամերիկեան ապօրինի յարձակումի կոչ կ՛ուղղէ»:
«Ո՛վ է պարոն Զելենսքին, աշխարհը ձանձրացաւ այս շփոթահար հտպիտներէն: Ի տարբերութիւն արտաքին աշխարհէն աջակցութիւն ստացող եւ վարձկաններով յագեցուած իրենց բանակին, իրանցիները գիտեն ինչպէս իրենք զիրենք պաշտպանել, եւ պէտք չունին օտարներէն օգնութիւն մուրալու», աւելցուց ան:
Զելենսքի Տաւոսի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Եւրոպայի հակազդեցութիւնը բաղդատած էր Ուաշինկթընի Վենեզուելայի եւ Իրանի մէջ «յանդուգն» քայլերուն հետ: Ան օրեր առաջ նաեւ ըսած էր, որ աշխարհը պէտք է օգնէ իրանցիներուն ցոյցերու կառուցման մէջ` զանոնք ազատագրելու համար «իրենց երկրին եւ այլ երկիրներու, որոնց շարքին Ուքրանիոյ չարիք բերած իշխանութենէն»:


