Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն այցելած է Կրինլանտի մայրաքաղաք Նուուք` բանակցութիւններ վարելու տարածքի ղեկավար Ենս-Ֆրետերիք Նիլսենի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Եուրոնիուզ»-ը:
Ֆրետերիքսեն Նուուք հասած է Պրիւքսելէն, ուր մասնակցած էր Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին եւ հանդիպած ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ:
Նուուքի օդակայան էջք կատարելէ ետք Ֆրետերիքսենին դիմաւորած է Կրինլանտի վարչապետ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսեն: Վերջինս յայտնած է, որ Կրինլանտը պատրաստ է աւելին ընելու եւ հիւրընկալելու ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բազմիցս պնդած է, որ Միացեալ Նահանգներ Կրինլանտին կարիքը ունին` Ռուսիոյ եւ Չինաստանի սպառնալիքները դիմակայելու համար:
Ան ջնջած է Կրինլանտի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութիւնը ապահովելու համար ութ եւրոպական երկիրներու դէմ հաստատուած մաքսատուրքերը:


