«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Զինուորական Գործողութիւնները Կասեցնելու Աշխատանքը Կը Շարունակուի» Կ՛ըսէ Փեսքով
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տիմթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ընդհանուր առմամբ, աշխատանքները կը շարունակուին զինուորական բախումները դադրեցնելու եւ տագնապի լուծման հոլովոյթը քաղաքական եւ դիւանագիտական փուլ բերելու համար: Աւելին չեմ կրնար ըսել», նշած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք...




















