Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խըրխըզիստանի Մէջ Սուրիացի Ահաբեկիչներու Հետ Կապող Ունեցող Զինեալներ Ձերբակալուած Են

October 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խըրխըզիստանի Ազգային անվտանգութեան պետական կոմիտէի (ԱԱՊԿ) աշխատակիցները ձերբակալած են միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն մէկուն երկու անդամները, որոնք առնչութիւն ունին սուրիացի զինեալներու հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 20 հոկտեմբերին այդ մասին յայտնած է ԱԱՊԿ-ի մամլոյ կեդրոնը:

«ԱԱՊԿ-ն հետախուզական քայլերու ընթացքին, որոնք ուղղուած են միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ընդյատակեայ կառոյցներու գործունէութեան եւ ատոնց ֆինանսաւորման ուղիներու յայտնաբերման, կանխարգիլման եւ ոչնչացման, ներքին գործոց նախարարութեան հետ համադրաբար Ժալալ Ապատ քաղաքին մէջ ձերբակալած են հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մամլոյ կեդրոնի տուեալներով` ձերբակալուածները, որոնց անուններն ու մականունները հետաքննութեան նպատակով առայժմ չեն նշուիր, հոկտեմբեր 19-ին յարձակում գործած են տեղական ձեռնարկիչի վրայ եւ «(անկէ) յափշտակած 400 հազար սոմ (շուրջ 5 հազար տոլար) գումարի դրամական միջոցներ»:

Խուզարկութեան ժամանակ կասկածելիներուն քով յայտնաբերուած են «յափշտակուած դրամական միջոցները, կեղծ օտար դրամանիշ, ելեկտրաշոքեր, ծակող-կտրող առարկաներ»:

«Կասկած կայ, թէ ձերբակալուածները մասնակցած են Սուրիոյ տարածքին ապօրինի զինեալ կազմաւորումներու գործունէութեան: Իրենց պարագլուխին հրահանգով, անոնք ժամանած են հանրապետութիւն` միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ելեւմտական օժանդակութեան ապահովման նպատակով», կը նշէ ԱԱՊԿ-ն: Կասկածելիները կը գտնուին Ժալալ Ապատի ներքին գործող քաղաքային բաժնի ժամանակաւոր ձերբակալման մեկուսարանին մէջ:

Նախորդը

Թրքական Ուժերը Կը Հեռանան Համայի Հիւսիսը Գտնուող Իրենց Հսկողութեան Կէտէն

Յաջորդը

Իրան Այսօր Հակաօդային Պաշտպանութեան Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.