Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Կողմէ «Էս-400»-ի Փորձարկումը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ», Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

October 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն Թուրքիան նախազգուշացուցած է, ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի, Ռուսիայէն ձեռք բերուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու փորձարկման հարցով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն` յիշեցնելով, որ ուրբաթ օր Թուրքիոյ սեւծովեան ափէն, ուր տեղի կ՛ունենայ «Էս-400»-ի փորձարկումը, երկինք արձակուած է հրթիռ մը:

«Եթէ տեղեկութիւնը հաստատուի, մենք խստագոյն ձեւով պիտի դատապարտենք «Էս-400»-ի փորձարկումը, ինչ որ անհամատեղելի է Թուրքիոյ` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկեր ստանձնած պարտաւորութիւններուն», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են շրջան ընող լուրերէն, եւ որ Ուաշինկթըն բարձրագոյն մակարդակներով թրքական կառավարութեան յայտնած է, թէ ռուսական համակարգերու գնումը անընդունելի է:

«Միացեալ Նահանգներ յստակ են իրենց ակնկալիքներուն մէջ առ այն, որ «Էս-400» համակարգը պէտք չէ գործածութեան դրուի: Բացի ատկէ, մենք յստակ նշած ենք, որ Թուրքիոյ կողմէ համակարգի աշխուժացման պարագային, անվտանգութեան ոլորտին մէջ մեր յարաբերութիւններուն համար կրնան լուրջ հետեւանքներ ըլլալ», եզրափակած է բանբերը:

Միւս կողմէ` «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Տէօչէ Վելլէ»-ն, հաղորդեց, որ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչը շաբաթ օր յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի փորձարկման նկատմամբ:

«Այդ համակարգը կրնայ վտանգ հանդիսանալ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու օդանաւերու համար եւ բացասական ազդեցութիւն ունենալ դաշինքի գործընկերներու միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչը:

Անոր համաձայն, կարեւոր է, որ Թուրքիան, ըլլալով ՕԹԱՆ-ի անդամ, միւս դաշնակիցներու հետ շարունակէ այլընտրանքային ուղիներու որոնումը:

ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչը նշած է, որ այդ որոշումը Թուրքիոյ իրաւունքն է, սակայն «Էս-400» համակարգը չի կրնար համարկուիլ ՕԹԱՆ-ի հակաօդային եւ հակահրթիռային համակարգերուն:

«Թուրքիոյ կողմէ կատարուած «Էս-400»-ի փորձարկումները եթէ կը հաստատուին, ափսոսանք կը յառաջացնեն», յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ 16 հոկտեմբերին թուրք զինուորականները առաջին անգամ «Էս-400» համակարգը փորձարկած են երկրի հիւսիսը գտնուող Սինոփ քաղաքին մէջ:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը Կարեւոր Նկատած Է Տագնապի Գօտիին Մէջ Մարդու Իրաւունքները Յարգելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիա Պատրաստ Է Միանալու «Բռնագրաւուած» Խրիմի Ապաշրջափակման Հարթակին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.