Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան, Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կրնան Մօտիկ Ապագային Համաձայնիլ` Շրջանին Մէջ Կրակոցի Դադրեցման Վերահսկման Մեքանիզմի Շուրջ», Կ՛ըսէ Լաւրով

Հոկտեմբեր 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, յայտարարած է, թէ Ռուսիան, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրնան ամէնէն մօտիկ ապագային համաձայնութիւն գոյացնել տարածաշրջանին մէջ կրակոցի դադրեցման վերահսկման մեքանիզմի շուրջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի հետ հանդիպումէն ետք անոնց տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

«Որպէսզի կրակոցի դադրեցումը գործէ, մենք արդէն համոզուած ենք, ընդունուած եւ գետնի վրայ իրավիճակի արմատապէս փոփոխութիւնը կանխարգիլած երկու փաստաթուղթերէն ետք, որ անհրաժեշտ է կրակոցի դադրեցման պահպանման վերահսկողութեան մեքանիզմ ստեղծուի: Մենք այդ ուղղութեան աշխուժ կերպով կ՛աշխատինք, նաեւ` մեր պաշտպանութեան նախարարութիւնը, նախ եւ առաջ Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն մեր գործընկերներու հետ: Լիայոյս եմ` ամէնէն մօտիկ ապագային այդպիսի մեքանիզմի շուրջ համաձայնութիւն գոյացուի», ըսած է Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ատկէ առաջ յայտարարած էր, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ զինուորական հռետորաբանութեան սրման  ու դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները:

«Վստահ ենք, որ հիմա ամէնէն կարեւորը, եւ որ,  հաւանաբար, մեծ ջանք չի պահանջեր, կողմերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ պատասխանատու միջազգային դերակատարներու միջոցով անյապաղ զինուորական հռետորաբանութեան սրման դադրեցումն է: Յաջորդ անհրաժեշտ քայլը, որուն պէտք է ձեռնարկուի զինուորական հռետորաբանութեան սրման դադրեցման զուգահեռ, զինուորական գործողութիւններուն, քաղաքային կառոյցներուն ուղղուած հարուածներուն վերջ տալն է», ընդգծած է Լաւրով:

Նախորդը

Քարսըն Սիթիի Մէջ Ընտրական Հաւաքի Ընթացքին. «Հայերը Լաւ Մարդիկ Են, Կը Նախանձիմ Անոնց Ոգիին, Պիտի Աշխատինք Որոշ Ուղղութիւններով», Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Նշելով Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ Թեհրանի «Կարմիր Գիծ»-ը. «Իրան Պիտի Պատասխանէ Որեւէ Յարձակումի, Նոյնիսկ` Ոչ Կանխամտածուածին», Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?