Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածու Պայտըն Կը Խոստանայ Կանխարգիլել Թուրքիոյ Եւ Վարձկաններու Միջամտութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

Հոկտեմբեր 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին եւ փոխնախագահի դեմոկրատական թեկնածուներ, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ ծերակուտական Քամալա Հարիս նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին յայտարարութեամբ մը ներկայացուցած են, թէ Պայտըն ի՛նչ ըրած է հայկական հարցերու առնչութեամբ, եւ թէ Պայտըն-Հարիս վարչակազմը ի՛նչ պիտի ընէ ընտրուելու պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը` մէջբերելով յայտարարութիւնը, որմէ երկու օր առաջ Պայտընն ու Հարիսը անդրադարձած էին Ղարաբաղեան տագնապին եւ խաղաղ լուծման կոչ ուղղած:

«Ճօ Պայտընի աջակցութիւն հայ ժողովուրդին» խորագիրով յայտարարութեան մէջ` անդրադառնալով Պայտընի ապագայ ընելիքներուն, կը նշուի, որ ան պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւն, եւ մարդու ընդհանուր իրաւունքները պիտի դարձնէ իր վարչակազմի առաջնահերթութիւններէն, որպէսզի այդպիսի ողբերգութիւններ այլեւս չըլլան: Կը նշուի նաեւ, որ Պայտըն պիտի ուժեղացնէ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները` բարելաւելու համար հայ ժողովուրդին կեանքը: Պատյըն պիտի աջակցի տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման` աշխուժացնելով Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, պիտի փնտռէ նաեւ լրացուցիչ միջազգային հսկիչներ` զինադադարի դրութեան վերահսկելու համար:

Կը շեշտուի նաեւ, որ Պայտըն պիտի աշխատի կանխարգիլելու երրորդ կողմերու, ներառեալ միջամտութիւնը Թուրքիոյ նման պետութիւններու եւ օտարերկրեայ վարձկաններու, որոնք կը վարձատրուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ յանցագործութիւններ կատարելու համար:

Ան ամբողջովին կը զօրակցի Հայաստանին` Միացեալ, Նահանգներու աջակցութեան շարունակութեան, ժողովրդավարական կառավարումը ամրապնդելու եւ տնտեսական աճը խթանելու համար, եւ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Ազրպէյճանին անվտանգութեան նպատակով տրամադրուող աջակցութիւնը` համոզուելու համար, որ ատիկա պիտի չօգտագործուի յարձակողական նպատակներով: Կը նշուի նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ մարդասիրական ականազերծման երկարաժամկէտ օգնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բան մը, որ Թրամփ փորձած է կասեցնել: Պայտըն նաեւ պիտի դատապարտէ ատելութեան ենթահողէ մեկնած ամերիկահայերու դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:

Նախորդը

Թուրք Մտաւորական Մը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Հետ Հաղորդակցութիւններու Ընթացքին Ռուսիան Կ՛արծարծէ Ահաբեկիչներու` Լեռնային Ղարաբաղ Տեղափոխման Հարցը», Կ՛ըսէ Պոկտանով

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?