Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Պատրաստ Է Միանալու «Բռնագրաւուած» Խրիմի Ապաշրջափակման Հարթակին

October 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան պատրաստ է մասնակցելու «բռնագրաւուած» Խրիմի ապաշրջափակման վերաբերեալ հարթակին: Թրքական կողմը մտադիր է աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ բանակցային հոլովոյթին: Ռուսական «Ինոսմի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին` իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին:

Զելենսքիի համաձայն, ինք Էրտողանը հրաւիրած է մասնակցելու Խրիմի ապաշրջափակման վերաբերեալ հարթակին, եւ Թուրքիոյ նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու նոր բանակցային ձեւաչափին:

«Ես Թուրքիան հրաւիրած եմ միանալու Խրիմեան հարթակին: Ատիկա խրիմցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ թերակղզիի ապաշրջափակման գործիք է: Շնորհակալ եմ ձեզի, պարո՛ն նախագահ, որ պատրաստ էք աջակցելու եւ ըլլալու աշխոյժ մասնակից», ընդգծած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Զելենսքի նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիան կրնայ լուրջ դերակատարութիւն ունենալ Խրիմը Ուքրանիոյ կազմ վերադարձնելու հոլովոյթին մէջ, այդ պատճառով ալ Քիեւը մտադիր է Անգարային առաջարկել մասնակցիլ Խրիմեան հարթակին:

Փուշքով. «Ռուսիան Եւ Թուրքիան
Ռազմավարական Գործընկերներ Չեն»

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի` տեղեկատուական քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով իր թելեկրամեան ալիքին վրայ գրած է, որ Թուրքիոյ նախագահի Խրիմը ռուսական տարածք չճանչնալու մասին յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան ռազմավարական գործընկերներ չեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.տէյլի» կայքը:

Վերջինիս համակարծիք է Ռուսիոյ պետական Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Ալեքսէյ Չեփան: Ան նշած է, որ Էրտողանի «Ուքրանիոյ տարծաքային ամբողջականութեան աջակցելու», ներառեալ Խրիմի մասին խօսքերը ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել այն իրողութեան վրայ, որ տուեալ շրջանը Ռուսիոյ մաս կը կազմէ:

Չեփա ընդգծած է, որ Թուրքիոյ նախագահի ճիշդ այսպիսի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան անոր` Ռուսիոյ գործընկեր ըլլալու «յուսալիութիւնը»: Անոր համաձայն, Էրտողանի դիրքորոշումը ոչ մէկ սպառնալիք կը ներկայացնէ Ռուսիոյ համար եւ թելադրուած եղած է ակնթարթային նկատառումներէ:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Կողմէ «Էս-400»-ի Փորձարկումը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ», Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Թուրք Մտաւորական Մը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.