Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Յայտարարած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Երկրաբանական Հետախուզութեան Վերսկսման Մասին

Նոյեմբեր 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան յայտարարած է Միջերկրական ծովուն մէջ երկրաբանական հետախուզութեան աշխատանքներուն վերսկսելու մասին: Այդ աշխատանքները պիտի կատարէ «Պարպարոս Հայրետտին Փաշա» երկրաբանական հետախուզութեան նաւը: Այս մասին կը գրէ ռուսական «ռատիոսփութնիք.ռիա» կայքը` յղում կատարելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան:

Աշխատանքները պիտի կատարուին մինչեւ 16 փետրուար, այդ ընթացքին նաւուն պիտի ուղեկցին «Թանօ-1» եւ «Ափոլլօ Մուն» նաւերը:

Նախապէս թրքական «Օրուչ Ռէյիս» նաւը երկրաբանական հետազօտութիւններու սկսած էր Միջերկրական ծովուն արեւելեան տարածքին մէջ, որ Յունաստանը կը նկատէ իր բացառիկ տնտեսական գօտին:

Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները արդէն իսկ լարուած էին 2020 թուականի սկիզբէն` գաղթականներու ճգնաժամի եւ Եգէական ու Միջերկրական ծովերուն մէջ հարստութիւններու արդիւնահանման իրաւունքներու շուրջ վէճերու պատճառով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը խորապէս կը ցաւի Յունաստանի եւ Կիպրոսի Միջերկրական ծովու տարածքներուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող գործողութիւններուն համար եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու ատկէ եւ երկխօսութեան սկսելու:

«ՆԱՎԹԵՔՍ»-ի վերջին ծանուցումները եւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող երկրաբանական հետախուզական աշխատանքներու շարունակական իրականացումը, որոնք կ՛ընդգրկեն Յունաստանի եւ Կիպրոսի ծովային գօտիները, խոր ափսոսանք կը յառաջացնեն, յատկապէս հաշուի առնելով երկխօսութեան համար պայմաններ ստեղծելու կառուցողական փորձերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիոյ վարքագիծը կը շարունակէ առաւել մեծ լարուածութիւն եւ անվստահութիւն ստեղծել շրջանին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Թեհրանի Համար Կարեւոր Չէ, Թէ Ո՛վ Պիտի Յաղթէ Միացեալ Նահանգներու Ընտրութեան» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան Լոյսին Տակ Երկրին Մէջ Պիտի Ստեղծուի Պայթիւնավտանգ Կացութիւն» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?