Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները Եւրոպային պիտի չստիպեն հրաժարիլ իր հիմնարար արժէքներէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նախագահ Միլթիատիս Վարվիցիոթիս` Աթէնքի մէջ յանձնախումբի 130-րդ նստաշրջանի բացման ընթացքին:
Վարվիցիոթիսի համաձայն, Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, որոնք փաստացի նպատակ ունէին վախցնել, պիտի չստիպեն ետ կանգնիլ իրենց որդեգրած արժէքներէն:
«Եւ շատ կարեւոր է ո՛չ միայն ցաւակցութիւն յայտնել զոհերու ընտանիքներուն, ո՛չ միայն ըսել, որ մենք իսկապէս մտահոգուած ենք այդ հասարակութիւններուն մէջ տիրող իրավիճակով, այլ նաեւ ազդանշան ուղարկել, որ մենք հաւատարիմ ենք մեր հիմնարար արժէքները պաշտպանելու որեւէ վտանգի պարագային, ներառեալ ահաբեկչութիւնը», ընդգծած է ան: