Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտած է Նիսի եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` յայտարարելով, որ անոնք «կը վարկաբեկեն ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Այս օրերուն, երբ մենք կ՛աղօթենք մահացածներուն համար, կարելի չէ չյիշել ահաբեկչութիւններու զոհերուն մասին: Կ՛աղօթեմ ողբերգական հանգամանքներու մէջ զոհուածներուն համար, կը յայտնեմ իմ հոգեւոր մտերմութիւնս անոնց հարազատներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այդ բռնութենէն, որ կը վարկաբեկէ կրօններու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը», ըսած է Հռոմի եպիսկոպոսապետը:
Անոր խօսքերը հեռարձակուած են «Վաթիքըն նիուզ» կայքէն, ինչպէս նաեւ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ տեղադրուած պաստառներէն: