Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նշած է, թէ իր երկրին համար շատ կարեւոր է, որ Իրանի սահմաններուն մօտ ահաբեկիչներ չըլլան:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուհանին այս մասին նշած է իրանեան կառավարութեան նիստին ընթացքին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն:
«Մեր երկու դրացիները սեպտեմբեր ամիսէն զինուորական բախումներու մէջ են: Այս հարցին մէջ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը աշխուժ եղած է, եւ զինեալ ուժերն ալ զգօնութեամբ կը վերահսկեն մեր սահմաններու անվտանգութիւնը: Մեր սահմաններու անվտանգութիւնը մեզի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի, եւ մեր սահմաններուն մօտ ահաբեկիչներ չըլլալը մեզի համար շատ կարեւոր է», նշած է Ռուհանի:
Իրանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ պատերազմին պատճառով երկիրներուն աշխարհագրական սահմանները պիտի չփոխուին:
«Իրանի տեսակէտները երկու կողմերուն ալ ներկայացուած են, եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ղարաբաղի մէջ բախումներուն վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար շատ յարմար նախագիծ մշակած է, եւ յոյս ունինք, որ ատիկա յաջողութեան պիտի հասնի», ըսած է Իրանի նախագահը: