Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Չեն Մասնակցած Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Համաձայնութեան Հասնելու Հոլովոյթին»

November 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները Եւ Ֆրանսան չեն մասնակցած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ համաձայնութեան հասնելու հոլովոյթին. ասիկա եռակողմ համաձայնագիր է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Ատիկա եռակողմանի յայտարարութիւն է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները մասնակցա՞ծ են համաձայնութեան հասնելու հոլովոյթին:

Ան յայտնած է, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն` Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ յայտարարութեան մէջ շրջանի կարգավիճակը չի յստակացուիր, եւ պէտք է հիմնուիլ միջազգային հռչակագիրներու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն վրայ:

«Այո՛, այս փաստաթուղթին մէջ չի խօսուիր Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին: Ներկայիս մենք կը շարունակենք հիմնուիլ միջազգային օրէնքի բոլոր համապատասխան հիմնական հռչակագիրներուն, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն եւ այլ փաստաթուղթերու վրայ», նշած է Քրեմլինի բանբերը:

«Գիտենք, որ վարչապետ Փաշինեան զգալի ջանքեր կը թափէ` բացատրելու այդ համաձայնութիւններուն իմաստն ու էութիւնը: Յոյս ունինք, որ այդ բացատրութիւնները պատշաճօրէն պիտի ընդունուին», նշած է ան:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փեսքով յայտարարած է, որ եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած չէ այդ տարածքին մէջ թուրք զինուորներու տեղակայման մասին:

«Այդ մասին հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրին մէջ որեւէ խօսք չկայ: Կողմերը ատոր մասին չեն համաձայնած: Թուրք զինուորներու Ղարաբաղ գտնուելուն շուրջ համաձայնութիւն չկայ», ըսած է Փեսքով` լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի տարածքին մէջ կրակոցի դադրեցման պայմաններու հսկողութեան կեդրոնի ստեղծման մասին իսկապէս խօսուած է, սակայն խօսքը եղած է ազրպէյճանական տարածքներու մասին: Այսպէս Քրեմլինի բանբերը մեկնաբանած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւնը, թէ թուրք խաղաղապահները ռուսերուն հետ միատեղ պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Թի. Վի. Թրէյն» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Փեսքով համաձայնագիրը «երկու երկիրներու ժողովուրդներու յաղթանակ» կոչած է:

«Ասիկա յաղթանակն է երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի համար, որովհետեւ դադրեցուած է պատերազմը: Իբրեւ երաշխիք, այնտեղ կը մտնեն ռուս խաղաղապահներ: Այլ շնորհաւորութիւններ ընդունելի են քաղաքագէտներու համար, սակայն անհրաժեշտ է հիմնուիլ անոր վրայ, որ արիւնահեղութիւնը դադրեցուած է», նշած է ան:

Նախորդը

Փութին. «Մեծ Գոհունակութեամբ Կ՛ուզեմ Նշել Յառաջացած Փոխզիջման Եւ Ղարաբաղի Մէջ Արիւնահեղութիւնը Դադրեցնելու Համար Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Մասին»

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.